Որոնել

2023.12.15 Ragazzi dell'Azione Cattolica Italiana

«Միայն սիրելով է` որ աշխարհը կը վերագտնէ լոյսը եւ խաղաղութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` մասնակցութիւն «Գալստեան խորհրդածութիւններուն», ունկնդրութիւններ եւ հանդիպում Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 15 դեկտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9ին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ծննդեան շրջանի Գալստեան խորհրդածութիւններու առաջին նիստին, զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը` Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որ այս տարուայ որպէս նիւթ ընտրած է. «Պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը. Դէպի Ծնունդ` ընկերակցութեամբ Կարապետին ու Քրիստոսի Մօր»։

Գալստեան խորհրդածութիւնները
Գալստեան խորհրդածութիւնները

Նորին Սրբութիւնը հուսկ փոխադրեցուեցաւ Առաքելական Պալատ, ուր յաջորդաբար ընդունեց Հոնտուրասի նորանշանակ դեսպան` Տիար Ռենիերի Աուկուսթօ Եիմենէս Տուպոնը, հաւատարմագիրերու յանձնման արարողութեան առիթով, Թիմօր Էսթի Հանրապետութեան դեսպան` Տիկ.  Եուվիթա Ռոտրիկէս Պարեթօ Տէ Աթայտէ Կոնսալվէսը, հրաժեշտի հանդիպումին առիթով,  Օրէնսդրական Փաստաթուղթերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Եաննոնէ, «ՖԱՕ»ի ընդհանուր տնօրէն` Տիար Քու Տոնկիուն, Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Մաուրիցիոօ Պրավի, ապա Ացիոնէ Քաթթոլիքա Եկեղեցական շարժումի պատանիները, հուսկ Աղքատներու հետ եւ Աղքատներու Համար Ծննդեան համերգի կազմակերպիչները։ 

Հաւատարմագիրերու ներկայացում Հոնտուրասի նորանշանակ դեսպանին
Հաւատարմագիրերու ներկայացում Հոնտուրասի նորանշանակ դեսպանին

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ուղղեց հակիրճ ողջոյնի խօսք մը` անոնց  յանձնելով այս առիթով պատրաստուած  գրաւոր ճառը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` այցելութեան համար, եւ ուրախ երգերուն համար, խրախուսելով չի կորսնցնելու  խանդավառութիւնը։ Ապա նշեց թէ պիտի չի կարդայ պատրաստուած ճառը եւ թէ իրենց պիտի յանձնէ, որպէսզի կարդան զայն։ 

«Այժմ պիտի ուզէի իւրաքանչիւրդ  ողջունել բայց նախ եկէք միասին աղօթենք ու հայցենք օրհնութիւնը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Մինչ ներկաներուն յանձնուած ճառին մէջ Ան գրած էր` թէ հանդէպումը առիթ է «փոխանակելու Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները» եւ նշած` որ «Ծնունդը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուած կը սիրէ մեզ եւ կ՛ուզէ մնալ մեր հետը»։

«Ասոր համար է, որ Յիսուս ծնաւ, դարձաւ փոքր, ապրեցաւ ընտանիքի մը մէջ Մարիամի եւ Յովսէփի հետ միասին, ու կը շարունակէ ըլլալ մեր կողքին ու մեզմէ իւրաքանչիւրի մէջ, որովհետեւ մեզ կը սիրէ ու մեր ընկերն է» յարեց Քահանայապետը այս մէկը նկատելով սքանչելի նուէր մը, որ իր հետ կը բերէ այլ նուէր, այն է` թէ «մենք ալ կարող ենք իրար զիրար սիրել, որպէս եղբայրներ»։

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ
Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ

«Եւ որքան կարիքն ունինք սիրոյ այսօր» շարունակեց Ան, «բազմաթիւ ազգեր, բազմաթիւ պատանիներ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ» եւ այս առնչութեամբ յայտնեց, թէ Կազայի մէջ մահացած են երեք հազար մանուկներ մինչ Ուքրանիոյ մէջ հինգ հարիւրէ աւելի են եւ Եմենի մէջ հազարներով։

«Անոնց յիշատակը մեզ կը հրաւիրէ մեր կարգին դառնալու աշխարհին համար լոյսեր, որպէսզի դպչինք բազմաթիւ մարդոց սրտերուն...Սիրել Աստուած ու սէր սերմանենք մեր միջեւ, միայն այսպէս է` որ աշխարհը կը վերագտնէ լոյսը եւ խաղաղութիւնը, որուն կարիքն ունի։ Սիրել Աստուած եւ միւսները` ընտանիքի, ժողովրդապետութեան, դպրոցներու ու ձեր ամենօրեայ ճանապարհներուն վրայ, որպէսզի բոլորին օգնէք հաւատալու` թէ տակաւին կարելի է փոխել ընթացքը, ընտրել կեանքը եւ վերադառնալ յոյսին»։

Քահանայապետը ապա վերահաստատելով սիրոյ առաջնահերթութիւնը` նախ եւ առաջ սիրելով Աստուած, երկրորդ սիրելով միւսները, որպէս սիրոյ երրորդ արտայայտութիւն ակնարկած էր  «արարչագործութիւնը սիրելու մասին», որով «Աստուած մեզ կը կոչէ ճանչնալու եւ յարգելու մեզ շրջապատող գեղեցկութիւնը... եւ աճելու բաժնեկցութեան եւ եղբայրութեան մէջ»։

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները Քահանայապետին մօտ
Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները Քահանայապետին մօտ

«Այս ալ կը պարունակէ յոյսի պատգամ մը» հաստատած էր Ան ու գրաւոր ողջոյնի խօսքը աւարտած` հրաւիրելով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները համապատասխանելու Աստուծոյ սիրոյն ու անոր հրաւէրին, «մեր բարեկամութեամբ ու մեր քնքշութեամբ մէկ ողջագուրումի մէջ միացնելով երկինքը երկրին»։

«Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ ձեզի, ձեր ընտանիքներուն ու համայն Ացիոնէ Քաթթոլիքային։ Ձեզ կ՛օրհնեմ ու կը խնդրեմ հաճեցէք աղօթել ինծի համար» եղան Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2023, 11:25