Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Աչիլիայի «Santa Gianna Beretta Molla» հովուական կեդրոնի 30 քահանաներուն հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հինգշաբթի 21 դեկտեմբեր 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Աչիլիայի Սան Ճորճօ ժողովրդապետութեան «Santa Gianna Beretta Molla» հովուական կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ «Գթութեան Զաւակներ» հասարակութեան անդամներուն հետ, ընդամէնը երեսուն քահանաներ, որոնց յանձնուած է ըլլայ ժողովրդապետութեան հոգատարութիւնը, ըլլայ հովուական կեդրոնը»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը որ ապա հաստատուեցաւ Հռոմի Թեմին հրատարակած հաղորդագրութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ շրջանի եպիսկոպոս Տարիօ Ճերվազիի ու «Սան Ճորճօ» ժողովրդապետութեան Հովիւ Հայր Անթոնիօ Ռոմերօ Վեթթորաթոյի ինչպէս նաեւ «Սան Թիմոթէօ» ժողովրդապետութեան հովիւ` Հայր Անճելօ Քոմփանիոնիի կողմէ։
Հռոմի եպիսկոպոսին հանդիպումը Իր քահանաներուն հետ եղաւ «գեղեցիկ եւ յուզիչ հանդիպում», նշեց Գերապ. Ճերվազին յայտնելով, որ «հանդիպումն ու զրոյցը տեւեցին գրեթէ երկու ժամ, ու Ֆրանչիսկոս Պապը առիթը ունեցաւ նաեւ ողջունելու կեդրոնին կամաւորները»։
«Քահանաներուն հետ զրոյցը անցաւ բարեկամական ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ, մենք մեզ զգացինք զաւակներ համախմբուած իրենց հօրը շուրջ, որ զանոնք քաջալերեց։ Ապա առիթ ընծայուեցաւ հարցումներ ուղղելու Քահանայապետին» նշեց միշտ Գերապ. Ճերվազին ընդգծելով, որ շօշափուած նիւթերու շարքին էին հիւրընկալութիւնը, ժողովուրդին մօտիկութիւնը, սիւնհոդոսականութիւնը եւ սիւնհոդոսական գործընթացքը, «որուն միջոցաւ է` որ Եկեղեցին կը շարժի դէպի ապագայ»։
Հովուական կեդրոնը ծնունդ առած է Սրբուհի «Gianna Beretta Molla»ի քրոջ` Քոյր Վիրճինիայի նախաձեռնութեամբ, որ կը գործեր Աչիլիայի ժողովրդապետութեան ներքոյ։ Կեդրոնը վայր է բարեսիրական ու զօրակցութեան գործունէութեան։
«Ամէն առաւօտ արդարեւ աղքատներուն կը բաժնուի առօրեայ հացը», կը պատմէ ժողովրդապետութեան Հովիւը` Հայր Վեթթորաթօ, մինչ «երեկոյեան կամաւորներու խումբ մը շրջանը կ՛ընէ կարգ մը փուռապաններու, որոնք մեզի կը նուիրեն հաց եւ փիցցա, զոր ապա երկրորդ օրը կը բաժնենք կարիքաւորներուն»։
Կեդրոնի ծրագիրներուն մաս կը կազմէ նաեւ «Մայր ծրագիրը», որ թիկունք կը կանգնի մինչեւ երեք տարեկան մանուկներով մայրերուն, որոնք կը գտնուին տնտեսական դժուարութեան մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը առանձին մայրեր են ու ընդհանրապէս օտար։ Շաբաթը երկու անգամ անոնց կ՛ապահովուի ուտեստեղէն, հագուստ ու առաջնային անհրաժեշտութեան ապրանքներ ու նաեւ օգնութիւն` յատուկ բժշկական քննութիւններու համար։
«Santa Gianna Beretta Molla» կեդրոնին մէջ կը գործէ նաեւ Քարիթասը իր մասնաճիւղերով հոգ տանելով աւելի քան 300 ընտանիքներու» կը նշէ միշտ Սան Ճորճօ ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Հայր Անթոնիօ Ռոմերօ Վեթթորաթոն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ