Որոնել

Անարատ Յղութեան տօնի Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր

Մենք պէտք ունինք քեզի` Մայր...Քու անձդ մեզի կը յիշեցնէ որ չարը երբեք չունի վերջին խօսքը ու մեր ճակատագիրը մահը չէ այլ կեանքը, ատելութիւնը չէ այլ եղբայրութիւնը, հակամարտութիւնը չէ այլ ներդաշնակութիւնը, պատերազմը չէ այլ խաղաղութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 8 դեկտեմբեր 2023ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը աւանդութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Սպանիա հրապարակ, ուր զետեղուած է Անարատ Յղութեան նուիրուած արձանը, որ կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ եւ որուն բացումը կատարած է նոյնինքն Պիոս Թը, 8 դեկտեմբեր 1857ին։

Քահանայապետին աղօթքը Մարիա Մաճճորէ տաճառին մէջ
Քահանայապետին աղօթքը Մարիա Մաճճորէ տաճառին մէջ

Վարդի նուիրումը Սալուս Փոփուլի Ռոմանիին

Նախ քան Փիացցա Տի Սպանիա ժամանելը Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Մարիա Մաճճորէ» Քահանայապետական Պազիլիքան եւ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթելէ ետք, անոր նուիրեց Ոսկեայ Վարդ մը։ Նորին Սրբութեան այս արարքը կատարուեցաւ Վարդի մը վերջին նուիրումէն 400 տարի ետք։ Արդարեւ վերջին Քահանայապետը, որ վարդ մը նուիրած էր Սալուս Փոփուլի Ռոմանիին եղած էր Պօղոս Ե Պապը` 1613 թուականին։

Մեծարանք Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան

Սպանիա հրապարակ ժամանումին Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Հռոմի քաղաքապետէն ու այլ կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ ի ներկայութեան հռովմէացի եւ զբօսաշրջիկ բազմաթիւ հաւատացեալներու։

Տիրամօր արձանի ոտքին կանգնած Սրբազան Պապը ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ ապա Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրեց աղօթք մը, որուն սկիզբը ըսաւ. «Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյս, քեզի կու գանք մեր սիրտը բաժնուած ընդմէջ յոյսի եւ անձկութեան։ Մենք պէտք ունինք քեզի` Մայր մեր»։

Քահանայապետին ժամանումը
Քահանայապետին ժամանումը

Շնորհակալութիւն Տիրամօր

Նորին Սրբութիւնը ապա շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Տիրամօր, որ «լռութեամբ կը հսկէ Հռոմի վրայ», մեր վրայ, ընտանիքներուն վրայ, հանրային գրասենեակներու, հիւանդանոցներու, բանտերու ու անտուններուն վրայ, ինչպէս նաեւ համայն Հռոմի Եկեղեցական հասարակութիւններուն վրայ։

Մենք պէտք ունինք քեզի

«Մենք պէտք ունինք քեզի` Մայր...Քու անձդ մեզի կը յիշեցնէ, որ չարը երբեք չունի վերջին խօսքը ու մեր ճակատագիրը մահը չէ, այլ կեանքը, ատելութիւնը չէ, այլ եղբայրութիւնը, հակամարտութիւնը չէ, այլ ներդաշնակութիւնը, պատերազմը չէ այլ խաղաղութիւնը»։

…Մայր քու ողորմութեան հայեացքդ ուղղէ մեր վրայ եւ անարդարութիւններու եւ աղքատութեան հետեւանքով ճնշուած ժողովուրդներու վրայ, ու անոնց` որոնք կը տառապին պատերազմէն։ Նայիր ուքրանացի մարտիրոս ժողովուրդին, պաղեստինի ժողովուրդին եւ իսրայէլի ժողովուրդին, որոնք դարձեալ ընկղմուած են բռնութեան պարոյրին մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը։

Հսկէ մայրերուն վրայ

Ան ապա Տիրամօր հայեացքին յանձնեց բազմաթիւ մայրերը, որոնք ցաւի մէջ են, որոնք կ՛ողբան իրենց մահացած զաւակները, պատերազմի ու ահաբեկչութեան պատճառաւ։ Մայրերը` որոնք ականատես են իրենց զաւակներու մեկնումին` անյոյս յոյսի ճանապարհորդութեան մը համար, ու նաեւ մայրերը` որոնք կը ջանան իրենց զաւակները ազատել կախուածութեան կապանքներէն կամ կը հսկեն անոնց երկար եւ ծանր հիւանդութիւններուն վրայ։

Տիրամօր արձանի ոտքին աղօթքը
Տիրամօր արձանի ոտքին աղօթքը

Քեզի կը յանձնենք աշխարհի բոլոր կիները

Մենք այսօր պէտք ունինք քեզի որպէս կին, քեզի յանձնելու բոլոր կիները, որոնք տառապեցան բռնութիւններու պատճառաւ եւ անոնք` որոնք զոհ են այդ բռնութիւններուն...սրբէ անոնց եւ անոնց հարազատներուն արցունքները եւ օգնէ մեզի` որպէսզի կատարենք բիւրեղացումի եւ կրթութեան ուղեւորութիւն մը, ճանչնալով ու դիմակայելով մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ բոյն շինած բռնութիւնը եւ Աստուծմէ խնդրելու որ մեզ ազատագրէ։

Աշխարհը կը փոխուի եթէ փոխուին սրտերը

«Մեզի անգամ մը եւս ցոյց տուր ապաշխարութեան ճամբան, որովհետեւ չկայ խաղաղութիւն առանց ներումի ու չկայ ներում առանց զղջումի։

Աշխարհը կը փոխուի եթէ փոխուին սրտերը։ Սակայն մարդուն սիրտը կարող է փոխել միայն Աստուած, իր շնորհքով, Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, մեր Տէրը, որ դուն ծնար եւ որ մեզի համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Ան է փրկութիւնը, իւրաքանչիւր մարդու ու աշխարհին։ Եկ Տէր Յիսուս, թող գայ քու սիրոյ, արդարութեան ու խաղաղութեան արքայութիւնդ։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2023, 16:15