Որոնել

Տարին աւարտենք երախտագիտութեամբ եւ յոյսով. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ուխտագնացութիւնը, յատկապէս եթէ պահանջկոտ է, լաւ նախապատրաստութիւն կը պահանջէ: Ահա թէ ինչու յաջորդ տարին, որ կը նախորդէ յոբելեանին, նուիրուած է աղօթքին։ Եւ որմէկ աւելի լաւ ուսուցիչ կարող էինք ունենալ, քան մեր Սուրբ Մայրը...Անորմէ սորվինք ամէն օր, ամէն պահ, ամէն զբաղմունք ապրիլ՝ մեր ներքին հայեացքը ուղղած դէպի Յիսուսը։ Ուրախութիւններ և տխրութիւններ, գոհունակութիւններ ու խնդիրներ: Բոլորը Յիսուսի, Տիրոջ ներկայութեամբ և շնորհքով: Բոլորը երախտագիտութեամբ և Յոյսով»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2023ի երեկոյեան 5-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահեց ժամասացութեան  գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ  Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, զոր սկսաւ նշելով` որ «Հաւատքը մեզի թոյլ կու տայ աշխարհի մտայնութենէն տարբեր ձեւով ապրելու այս պահը», ապա դիտել տուաւ, որ «Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը, նոր կերպով զգալ կու տայ ժամանակը եւ կեանքը»` որոնք կարելի է եզրակացնել «երախտագիտութիւն եւ յոյս» բառերուն մէջ։

Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը
Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը

«Աշխարհիկ երախտագիտութիւնն ու յոյսը առերեւոյթ են, անոնց կը պակսի հիմնական չափանիշը` որ է Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնը։ Անոնք կեդրոնացած են «Ես»ի վրայ, եւ աւելի անդին չեն երթար գոհունակութենէն ու լաւատեսութենէն» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ընդգծելով, որ «Te Deum laudamus» շարականով վերջ գտնող այս արարողութեան ընթացքին կը շնչուի այլ մթնոլորտ մը` փառաբանութեան, զարմանքի ու երախտապարտութեան մթնոլորտը։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը, որպէս երախտագիտութիւն եւ յոյսի տիպար ներկայացուց` Սուրբ Կոյս Մարիամը, որպէս երախտագէտ Մայր մը, ապա տիպար յոյսին` որ միայն լաւատեսութիւն չէ, այլ հաւատք հաւատարիմ Աստուծոյ ու անոր խոստումներուն։

Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը
Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը

Յոյսի ուխտաւորներ

«Քրիստոնեան արդարեւ Մարիամի նման յոյսի ուխտաւոր է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով 2025ի Յոբելենական տարւոյն, որուն բնաբանն է «Յոյսի ուխտաւորներ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու, եթէ Հռոմը լաւապէս կը պատրաստուի դառնալու յոյսի քաղաք մը, նկատել տալով, որ Յոբելենական տարւոյն պատրաստութիւնը կապուած է նաեւ վկայութեան` զոր պէտք է տայ եկեղեցական ու քաղաքացիական հասարակութիւնը. «վկայութիւնը որ ձեռնարկներէն աւելի կը վերաբերի ապրելաոճին, համակեցութեան բարոյական ու հոգեւոր որակով»։

Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը
Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը

Աշխատիլ Հռոմը դարձնելու յոյսի քաղաք

«Ուստի հարկաւոր է հարց տանք եթէ մենք, իւրաքանչիւրը իր ասպարէզէն ներս կը գործենք, որպէսզի այս քաղաքը ըլլայ նշան յոյսի, անոնց համար` որոնք այստեղ կ՛ապրին ու անոնց, որոնք պիտի այցելեն զայն», ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը, ներկայացնելով զանազան օրինակներ կապուած հիւրընկալութեան, ուղիղ տեղեկատւութիւն մատուցելուն, Հռոմ քաղաքի պատմական վայրերը հասանելի դարձնելու տարեցներուն ու անկարներուն, ինչպէս նաեւ մաքրութեան ու կարգ կանոնին. «Որովհետեւ սեփական քաղաքացիներուն համար աւելի լաւ բնակելի քաղաք մը, աւելիով հիւրընկալ է բոլորի համար» ըսաւ Ան։

Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը
Գոհաբանական «Te Deum» աղօթքը

Երախտագիտութիւն եւ յոյս

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ուխտագնացութիւնը, յատկապէս եթէ պահանջկոտ է, լաւ նախապատրաստութիւն կը պահանջէ: Ահա թէ ինչու յաջորդ տարին, որ կը նախորդէ յոբելեանին, նուիրուած է աղօթքին։ Եւ որմէկ աւելի լաւ ուսուցիչ կարող էինք ունենալ, քան մեր Սուրբ Մայրը։ Եկէք մեզ դնենք անոր դպրոցին մէջ. Անորմէ սորվինք ամէն օր, ամէն պահ, ամէն զբաղմունք ապրիլ՝ մեր ներքին հայեացքը ուղղած դէպի Յիսուսը։ Ուրախութիւններ և տխրութիւններ, գոհունակութիւններ ու խնդիրներ: Բոլորը Յիսուսի, Տիրոջ ներկայութեամբ և շնորհքով: Բոլորը երախտագիտութեամբ և յոյսով» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը:

 Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոս հրապարակի մսուրին առջեւ
Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոս հրապարակի մսուրին առջեւ

Յայնտենք` որ արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի հսկայական մսուրը այնտեղ ամփոփուելով աղօթքի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2024, 17:25