Որոնել

2020.12.28 Santi Innocenti Martiri

Այսօր եւս ականատես ենք բազմաթիւ անմեղներու սպանդին. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթները

«Խաղաղութեան Իշխանին «այո» ըսելը կը նշանակէ «ոչ» ըսել պատերազմին, որեւէ պատերազմի ու նոյնինքն պատերազմի տրամաբանութեան, որ աննպատակ ուղեւորութիւն է, առանց յաղթողի պարտութիւն, առանց պատճառի խելագարութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր, ինչպէս Հերովդէսի ժամանակ, աստուածային լոյսին հակադրուող չարի դաւադրութիւնները կը շարժին կեղծաւորութեան և թաքնութեան ստուերին տակ. քանի՜ զինուած ջարդեր տեղի կ՛ունենան խուլ լռութեան մէջ, շատերու անիմացութեամբ» խօսքերն են ասոնք, զոր կը կարդանք Քահանայապետական ԻՔՍ ընկերային ցանցին վրայ, եւ որ հրատարակուեցան այսօր` 28 դեկտեմբերին, լատինաց մօտ «անմեղ սուրբերու» ծիսական տօնին առիթով` անմեղ սուրբերը այն մանուկներն են, զոր Հերովդէս սպանել տուաւ մտածելով, որ այդպիսով պիտի սպաներ Յիսուսը։

Սրբազան Պապը հրատարակեց ապա այլ թուիթ մը միշտ հայող անմեղներուն, որուն մէջ ափսոսանք յայտնեց ի տես «աշխարհի մէջ անմեղներու բազմաթիւ սպանդներուն. մայրական արգանդին մէջ, յոյս որոնելու յուսահատ ճանապարհորդութիւններու ընթացքին, բազմաթիւ մանուկներու կեանքին մէջ, որոնք մանկութիւնը կործանուած է պատերազմին պատճառաւ» հաստատելով` որ «Անոնք այսօրուայ փոքրիկ Յիսուսներն են»։

Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ այս խօսքերը քաղուած են Անոր Սուրբ Ծննդեան օրը «Ուրպի Էթ Օրպի - Հռոմի ու Համայն աշխարհի» ուղղած պատգամէն, որուն մէջ Քահանայապետը անգամ մը եւս հրաւիրեց ու կոչ ուղղեց գործելու ի սպաս խաղաղութեան «Ոչ» ըսելով պատերազմին եւ «Այո» խաղաղութեան, դիտել տալով նաեւ` որ «Խաղաղութեան Իշխանին «այո» ըսելը կը նշանակէ «ոչ» ըսել պատերազմին, որեւէ պատերազմի ու նոյնինքն պատերազմի տրամաբանութեան, որ աննպատակ ուղեւորութիւն է, առանց յաղթողի պարտութիւն, առանց պատճառի խելագարութիւն»։

Սրբազան Քահանայապետը  աւելցուցած էր նաեւ` թէ «ոչ ըսելու համար պատերազմին պէտք է ոչ ըսել «զէնքերուն»։ Որովհետեւ մարդը... երբ մահուան գործիքներ գտնէ իր ձեռքերուն մէջ, ուշ կամ կանուխ կը գործածէ զանոնք»։

Նոյն առիթով Նորին Սրբութիւնը խաղաղութեան պարգեւը հայցած էր նաեւ Հայաստանի համար. «Թող մօտենայ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան օրը. Թող զայն խրախուսեն` մարդասիրական նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնը, տեղահանուածներու վերադարձը իրենց տուները օրինական և ապահով պայմաններու մէջ, ինչպէս նաև իւրաքանչիւր համայնքի կրօնական աւանդոյթներու և պաշտամունքի վայրերու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ «ձայն դառնալու անոր` որ ձայն չունին»։ «Ձայն անմեղներուն, որոնք մահացան ջուրի եւ հացի պակասի պատճառաւ, ձայն անոնց` որոնք չեն կարող գործ գտնել կամ կորսնցուցին զայն, ձայն անոնց` որոնք ստիպուած են փախուստ տալ իրենց հայրենիքէն, աւելի լաւ ապագայի մը փնտռտուքով, իրենց կեանքը վտանգելով հիւծող ճամփորդութիւններով եւ թիրախ անբարեխիղճ մարդավաճառներու» ըսած էր միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ պատգամին աւարտին յիշելով մէկ տարիէն սկիզբ առնող Յոբելենական տարւոյն շնորհքի եւ յոյսի ժամանակը, մաղթեց` որ անոր այս պատրաստութեան ժամանակը ըլլայ առիթ` սրտի դարձի համար. «Ոչ» ըսելու պատերազմին եւ «այո» խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2023, 13:31