Որոնել

2020.05.27 - Betlemme Chiesa della natività

Բեթղեհէմի տառապանքը բաց վէրք է մերձաւոր արևելքի և ողջ աշխարհի համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Սուրբ Ծննդեան առիթով մտածենք, մտածենք Սուրբ Երկրին»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Սուրբ Երկրի բնակիչներուն կը սպասէ #ցաւի ու սուգի Սուրբ Ծնունդ մը։ Չենք ուզեր զանոնք մինակ թողուլ։ Մենք անոնց մօտիկ ենք աղօթքով, շօշափելի օգնութեամբ։ Բեթղեհէմի տառապանքը բաց վէրք է մերձաւոր արևելքի և ողջ աշխարհի համար»: Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր` 19 դեկտեմբերին X ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառումը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ շաբաթ օր Քահանայապետին արտասանած մէկ ճառէն, զոր ուղղուած էր Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի մօտ «Կենդանի Մսուրին» դերակատարներուն, որուն մէջ ի միջի այլոց նշած էր` թէ «կենդանի մսուրին նպատակն է սրտերուն մէջ արթնցնել զարմանքը մանուկ դարձած Աստուծոյ Խորհուրդին դիմաց»։

Սրբազան Պապը հուսկ կոչ ուղղած էր. «Սուրբ Ծննդեան առիթով մտածենք, մտածենք Սուրբ Երկրին»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2023, 13:30