Որոնել

Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին Պատերազմ, Իսրայէլ, Պաղեստին  (AHMED ZAKOT)

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի համար. «Պատերազմը միշտ պարտութիւն մըն է»

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ըրաւ աղօթելու պատերազմներէն տառապող ժողովուրդներուն համար, յատուկէն Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի բնակիչութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալները։

Իտալացի ուխտաւորներուն յղած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց աւետարանումի վերատեսչութեան գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերող նորընծայարաններուն կազմաւորողները մաղթելով, որ Տիրոջ շարունակական օգնութիւն միշտ ուղեկցի անոնց, որպէսզի այս ուսումի օրերը կարողանան վերակենդանացնել եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ողջունեց Մեքսիքոյի «Թելեթոն» կազմակերպութեան անդամները հրաւիրելով զանոնք համագործակցելու Աքափուլոյի զոհերու համար, ընդգրկելու Մեքսիքոյի մէջ հաշմանդամութիւնը ունեցող բոլոր անձերը, քաջալերելով պայքարելու մնացորդացի ընկերութեան դէմ եւ պաշտպանելու իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ինչպէս միշտ ողջունեց տարեցները, հիւանդները, նորապսակները, երիտասարդները, նշելով որ մօտիկ է Անարատ յղութեան տօնը ու Տիրամայրը հաւատաց Աստուծոյ սիրոյն պատասխանելով «այո» ։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Տիրամայրէն սորվիլ Տիրոջ հանդէպ լեցուն վստահութիւնը, ամենուրէք վկայելու համար աւետարանումի սէրը։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել պատերազմի ողբերգութենէն տառապողներու համար յատուկէն Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի բնակչութեան համար։

«Պատերազմը միշտ պարտութիւն է։ Ոչ մէկը ֆը շահի, ամէնքը կը պարտուին։ Կը շահին միայն զէնքեր արտադրողները» ըսաւ սրբազան Հայրը իր կոչի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 11:23