Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դէպի մսուր երթանք եւ Յիսուսէն խաղաղութիւն հայցենք»

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Չինաստանի մէջ երկրաշարժի թիրախ զոհերը, կոչ ուղղեց մտածելու պատերազմին մէջ գտնուող ժողովուրդներուն ապա հրաւիրեց մսուր երթալ ու այնտեղ Յիսուսէ խնդրել խաղաղութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան մասնակցող Իտալացի եւ օտարերկրեայ հաւատացեալները։

Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ յիշեց անցեալ երկուշաբթի օր, Չինաստանի՝ Կանսու եւ Քունիկա քաղաքներուն մէջ ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով մահացած եւ վիրաւորուած անձերը, ապահովելով իր մօտիկութիւնը աղօթքի միջոցաւ։

Ան ապա քաջալերեց անոնք` որոնք փրկարարական ծառայութիւններով կը զբաղին, հայցելով բոլորին վրայ Ամենակալին օրհնութիւնը, որպէսզի անոնց շնորհէ ցաւին մէջ մխիթարութիւն եւ ամոքում։

Իտալացի հաւատացեալներուն յղած ողջոյնին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց «Mediterranea Saving Humans» խումբին,«որ ծով կ՝երթան փրկելու համար Ափրիկէի մէջ ստրկութենէն փախուստ տուող աղքատները» ըսաւ Ան գնահատելով անոնց գործը ի նպաստ մարդկային կեանքերու փրկութեան»։

Քահանայապետը հրաւիրեց հուսկ չմոռնալ մարդիկն ու ժողովուրդները որոնք կը տառապին պատերազմին չարիքէն։

«Պատերազմները միշտ պարտութիւն են։ Չմոռնանք այս մէկը։ Պարտութիւն» յարեց Սրբազան Պապը նշելով որ պատերազմէն կ՛օգտուին միայն զէնք արտադրողները։

Ան ապա խնդրեց մտածել Պաղեստինի, Իսրայէլի մասին, մտածել Ուքրանիոյ մասին որ շատ կը տառապի, ու նաեւ «պատերազմի մէջ գտնուող մանուկներուն»

«Դէպի մսուր երթանք եւ հոն Յիսուսէն խաղաղութիւն խնդրենք։ Ան խաղաղութեան իշխանն է » ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Ֆրանսացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Քոնարքի քաղաքին մէջ զօրաւոր պայթումի հետեւանքով մահացած զոհերը ապահովուելով իր աղօթքը մեռեալներու եւ վիրաւորներուն ընտանեկան պարագաներու հայցելով Աստուծմէ, որ բոլորին շնորհէ յոյս պարգեւը։

«Ծնունդի մսուրին մէջ դպչինք Աստուծոյ մօտիկութեան եւ ստանանք Անոր ուրախութիւնը։ Թող Աստուած բոլորդ օրհնէ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2023, 10:34