Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխատանքը յոյսի եւ արժանապատուութեան աղբիւր»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Հռոմի Իտալացի Քրիստոնեայ աշխատաւորներու ընկերակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած LaborDì ծրագիրի երկրորդ փուլի մասնակիցներուն։
Նորին Սրբութեան պատգամին գլխաւոր նիւթը եղաւ աշխատանքը, իր խօսքը կեդրոնացնելով աշխատավայրի վրայ, «երեւոյթ մը, որ կը պատկերացնէ երկու հակադրուող երեւոյթներ. Մէկ կողմէ աշխատավայրը երբ հոն աշխատող չկայ եւ որ դիտողին դատարկութեան զգացում կու տայ, երկրորդը՝ երբ աշխատավայրը գործունեայ վիճակի մէջ է ցոյց կու տայ ներգրաւուած անձերուն տենդագին տենչը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով ժամանակաւոր եւ սեւ աշխատավարձերով կատարուած աշխատանքներուն մասին շեշտեց, թէ արժանապատուութիւնը կը վիրաւորուի նաեւ երբ աշխատանքը բաւականաչափ կայուն չէ եւ կը զիջէ ծրագիրներն ու կեանքի ընտրութիւնները, ինչպէս ընտանիքի մը ստեղծումը եւ զաւակներու փափաքը, հրամայական նկատելով ջանք կը թափել ու ձեռք տալ յաղթելու այս անորոշութիւնը եւ դատարկ զգացումը։
Տենչային վազք
Այս առնչութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կան աշխատավայրեր ու աշխատանքներ ուր կը տիրէ ճնշիչ, հարկադիր ուժերով գործեր «դա ապրանքային աշխատանք է, որ կ՝աճի մեր շրջանակէն ներս գերակշռուած շուկայէ մը որ մրցունակ ըլլալու համար միշտ արագացուած եւ բարդ կը դառնայ ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով երբեք չկորսնցնել յոյսը, որովհետեւ աշխատանքը իր մէջ միշտ կը պահէ իւրայատուկ եւ անփոխարինելի կոչում, որ է յոյսը։
«Աշխատանքը, յոյսի դերակատարն է, գլխաւոր ուղին է բարիին մէջ գործունեայ զգալու համար՝ որպէս հասարակութեան ծառայողները, որովհետեւ ուրիշներով զբաղիլը՝ լաւագոյն ձեւն է, որպէսզի չզբաղինք անօգուտ բաներով։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մաղթելով որ այս օրուան ձեռնարկը բանայ յոյսի աշխատավայրեր, որոնք թոյլ կու տան երիտասարդներուն ողջագուրելու արժանապատիւ աշխատանքի գեղեցկութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ