Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Արտաքին տեսքերը քիչ նշանակութիւն ունին այն բարիքին դիմաց, որ առանց աղմուկի կ՝աճի»

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի պաշտօնեաները «Պօղոս Զ» անուան դահլիճին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 21 դեկտեմբերին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Վատիկանի «Պօղոս Զ» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ իր սիրտի խօսքը փոխանցեց Վատիկանի մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Յիսուսի Ծննդեան խորհուրդին, խօսքը կեդրոնացուց երկու բառերու վրայ, թաքնուածութիւն եւ փոքրութիւն, «Երկու կարեւոր բառեր. անոնք մեզի կը փոխանցեն Աստուծոյ մեղմ յատկանիշը, որ չգար մեր մօտ՝ մեծութեամբ մեզի սարսափեցնելու կամ իր վեհութեամբ պարտադրելու , այլ կը ներկայանայ ամենասովորական կերպով՝ դառնալով մեզմէ մէկ մը», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ընդգծելով որ «Յիսուս փոքրիկներուն եւ վերջիններուն Աստուածն է եւ Անոր հետ մենք բոլորս կը սորվինք՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ մտնելու համար հետեւելիք ուղին։

Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնելով թաքնուածութիւն եւ փոքրութիւն երկու բառերէն նշեց, որ Վատիկանի պաշտօնեաներուն աշխատանքը Վատիկանի մէջ հիմնականին մէջ կ՝իրականացուի առօրեայ թաքնուածութեան մէջ, յաճախ իրականացնելով այնպէսի բաներ, որոնք կարող են աննշան թուիլ, սակայն ընդհակառակը անոնք կը նպաստեն եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան ծառայութիւն մատուցելու», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին կատարած աշխատանքին համար, մաղթելով որ անոնք շարունակեն աշխատիլ հեզութեան, երախտագիտութեան ոգիով եւ քրիստոնէական վկայութիւն տալով գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թաքնուածութեան եւ փոքրիկութեան ոճ մաղթեց նաեւ պաշտօնեաներուն ընտանիքներուն եւ զաւակներուն նշելով որ «Այսօր կ՝ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ ուր երբեմն մտատանջուած է երեւելէ ու բոլորը կը փորձեն իրենք զիրենք ցուցադրել, յատուկէն այսպէս կոչուած ընկերային ցանցերուն մէջ»։

Ակնարկելով ապա այն մասին, որ յաճախ կը մտահոգուինք թանկարժէք բաժակներ ունենալէ քան թէ լաւ գինի մը Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ընտանիքին մէջ արտաքին տեսքը ու դիմակները կարեւոր չեն ու անոնք քիչ կը տեւեն սակայն այն ինչ որ կարեւոր է սիրոյ, քնքշութեան եւ փոխ հասկացողութեան բարի գինի ունենալն է եւ «Սէրը աղմուկ չհաներ, զայն կ՝ապրինք առօրեայ թաքնուածութեան եւ փոքրութեան մէջ ու այն ուշադրութիւններուն մէջ զոր գիտենք ինչպէս փոխանակել մեր միջեւ»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց մաղթելով բարի Սուրբ Ծնունդ ու փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները պաշտօնեաներուն ընտանիքներուն, տարեցներուն, յատուկէն անոնց սիրելի հիւանդներուն, ապա ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2023, 11:05