Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարհի մէջ վիշտ եւ ձանձրոյթ կայ, երգելը գեղեցկութիւն եւ կեանքի եռանդ է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 30 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Pueri Cantores» միջազգային համադաշնակցութեան մաս կազմող աւելի քան 3500 անդամները։ «Pueri Cantores» դաշնութիւնը, «սպիտակ» ձայնով երգչախումբերու դաշնութիւն մըն է, որոնք կ՝երգեն հոգեւոր արարողութիւններուն ընթացքին։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը Իր խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ. «Ուրախութիւն, Աղօթք եւ խոնարհութիւն։
Ուրախութիւնը. «Երգելը ուրախութիւնը է, յատուկէն երգչախումբէն ներս եւ ձեր երգելու ուրախութիւնը նուէր մըն է, զոր ստացաք յօրինողներուն ու անոնց կողմէ, որոնք ձեզի սորվեցուցին, փոխանցեցին տարիներու հոլովոյթին մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով որ «Յոյժ գեղեցիկ է թանկարժէք նուէր ստանալն ու զայն սեփական ուրախութեամբ հարստացած փոխանցելը։
Ուրախութեամբ առումով, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, ան որ ոգեւորութեամբ կ՝երգէ մեծ պարգեւ կը շնորհէ ունկնդիրներուն, նկատել տալով, որ աշխարհի մէջ յոյժ կարիքը կայ ուրախութեան, շատ մը անձեր նամանաւանդ երիտասարդներ տառապանքի կամ ձանձրոյթի գերի են, երգն ու երաժշտութիւնը կրնան դպչիլ անոնց սիրտերուն, գեղեցկութիւն տալ ու վերականգնել կեանքի եռանդն ու յոյսը։
Աղօթք։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ դաշնութեան անդամները, որոնք երգիչներ են, իրենց երգեցողութեամբ ուրիշներուն օգտակար կը դառնան աղօթելու։ «Երբ որ ձեր սիրտը լի է Յիսուսի համար սէրով, այս մէկը կը փայլի ձեր ձայներուն մէջ եւ նման է նետի մը, որ կը դպչի նշանին՝ հասնելով մարդկանց սիրտերուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Հեզութիւն։ «Երգելը խոնարհութեան դպրոց մըն է, որովհետեւ երգիչը, նոյնիսկ մենակատարներով, միշտ մաս կը կազմէ երգչախումբին, որ իրմէ շատ աւելի մեծ է եւ որուն բոլորը կը ծառայեն նոյնիսկ ղեկավարը։ Ձեր երգելը, աւելի խոնարհը է քանի, որ Աստուծոյ կը ծառայէ, հետեւաբար ուրիշներու կ՝օգնէ՝ Տիրոջ հանդիպելու, եւ գիտէ նաեւ ճիշդ պահուն մէկդի քաշուիլ՝լռութեան տեղ տալու համար, ուր իւրաքանչիւր անձ կրնայ ունկնդրել գաղտնօրէն խօսքեր զոր միայն Յիսուսը գիտէ ըսել իւրաքանչիւրին։ «Երգիչ մը, որ կը փորձէ իր անձը կեդրոն դնել կամ գերակշռել ուրիշներու նկատմամբ, բարի երգիչ մը չէ, ընդհակառակը, ան յաճախ վտանգի տակ կը դնէ բոլորին աշխատանքը եւ դա անմիջապէս կը զգացուի։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց դիտել տալով երաժշտութիւնը որքան բաներ կը սորվեցնէ։ Նամանաւանդ հոգեւոր երաժշտութիւնը, որուն հոգին Աստուծոյ Խօսքն է։ Նորին Սրբութիւն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, անոնց մատուցած ծառայութեան համար, քաջալերելով զանոնք սէրով շարունակելու իրենց աշխատանքը՝ իրենց դաստիարակիչներուն ուղեկցութեամբ։ Ապա խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար, Նորին Սրբութիւնը բոլորին փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ