Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալիոյ հանրապետութեան կուսակալները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Իտալիոյ հանրապետութեան կուսակալները  (Vatican Media)

Ֆրանչսիկոս Պապ կուսակալներուն «Առանց գաղթականներու համալրումին վտանգներ կը յառաջանան»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալիոյ հանրապետութեան կուսակալներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ հանրապետութեան կուսակալները, անոնց պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ամպրոճոյի ծիսական տարեդարձին սեմին, «Սուրբ Ամպրոճիոն նաեւ, պատմութեան տարբեր հանգամանքներու մէջ եղած է կուսակալ, նախ քան որ Աստուծոյ կողմէ անսպասելիօրէն կանչուէր՝ Միլանոյի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին հովիւ դառնալու համար» ըսաւ Սրբազան Հայրի ապա յիշեց Սուրբ Ամպրոճիոյէն խօսքերէն հատուած մը «Մտածեցէք, թէ ժամանակները վատ են, ժամանակները ծանր ու դժուար են։ Բարի ապրեցէք եւ ժամանակները պիտի փոխէք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով կուսակալներուն կատարած պարտականութիւններուն եւ ծառայութիւններուն ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, որոնց շարքին, հանրային անվտանգութիւնն ու հասարակաց կարգը՝ որոշակի տարածքին մէջ, խօսքը կեդրոնացուց երեք մարտահրաւէրներու վրայ.

Հանրային կարգն ու կանոնը

Ֆրանչիսկոս Պապ կուսակալներուն նկատել տուաւ, որ իրենց հանրային պաշտօնը կատարելու համար պէտք են յիշել հնագոյն խորհուրդ մը, որ կը վերաբերի անձնական կեանքի կարգին, « կարգը ու կանոնը պահպանել եւ կարգն ու կանոնը կը փրկէ քեզ։

«Դա իմաստուն յայտարարութիւն է, որովհետեւ չէ կարելի մատակարարել հանրային կարգը ու կանոնը առանց ներքին եւ անձնական կարգ ու կանոնին։ Բայդ երբ անիկայ առկայ է, հասարակական կարգի համար պատասխանատուութիւնը կ՝ընկալուի որպէս կոչում ՝ ստեղծելու համար այդ ներդաշնակ համակեցութեան միջավայրը, որուն շնորհիւ կարելի է դիմագրաւել եւ լուծել դժուարութիւնները», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Բնապահպանական կարգ մը խնդիրներ

Նորին Սրբութիւնը այս գիծով յիշեց վերջերս Իտալիոյ կարգ մը մարզերու մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտները ինչպէս Էմիլիա Ռոմանիա, Թոսքանա եւ Սիկիլիա մարզերէն ներս նշելով «Այդ հանգամանքներուն մէջ հնարաւորութիւնը ունեցանք գնահատելու, իտալացի ժողովուրդի լաւագոյն յատկանիշները, որ մասնաւորաբար դժուարութիւններուն մէջ գիտեն օրինակելի կերպով համախմբուիլ, համատեղելով հաստատութիւններուն փոյթն ու եռանդը քաղաքացիներուն յանձնառութեան հետ, ըսաւ Սրբազան Հայրը հրամայական եւ շտապ նկատելով, բոլոր ջանքերու միացումը, ըլլայ ներկայ ըլլայ ապագային մէջ, պաշտպանելու համար մեր ընդհանուր տունը։

Գաղթականներու հոսքը

«Նաեւ գաղթականներու հոսքը մատակարարելու պարտականութիւնը դիւրին չէ, որովհետեւ ձեր խնամքին կը վստահուի վիրաւոր եւ դիւրաբեկ անձեր, յաճախ կորսուած եւ թիրախ սարսափելի հարուածներուն, անձեր որոնց պէտք է ողջագուրել, եղբայրներ եւ քոյրեր որոնք կարիքը ունին ազատուելու ոճրագործ կազմակերպութիւններուն փորձութիւններէն, որոնք կարող են առանց որեւէ ողորմութեան շահարկել իրենց դժբախտութիւնները», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց վերանորոգելով իր երախտագիտութիւնը կուսակալներու այցելութեան եւ այն յանձնարարութեան համար որ ամէն օր կը կատարեն ի նպաստ ընդհանուր բարօրութեան։

Մաղթելով ապա բոլորին ամենայն բարիք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2023, 10:58