Քահանայապետին հեռագիրը Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60ամեակին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան
Երկուշաբթի` 11 դեկտեմբեր 2023ին, Սուրբ Աթոռի եւ Քոնկոյի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 60ամեակին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը յղեց Սուվոնի եպիսկոպոս եւ Քորէաի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ Գերապ. Մաթիաս Ռի Եոնկ Հունին։
Հեռագիրը ուղղուած էր վերոնշեալ յոբելեանին նուիրուած յատուկ սուրբ պատարագին մասնակցող եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին, որուն մէջ Քահանայապետը կարեւոր նկատեց արարողութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ, այս վերջի տասնեակ տարիներուն կաթողիկէ հասարակութեան ու Քորէայի ժողովուրդին ընծայած պարգեւներուն համար։
«Յատուկէն կարող ենք երախտապարտ ըլլալ աւետարանի տարածումին համար եւ տեղական եկեղեցւոյ աճումին համար ու անոր քորէական ընկերութեան բարօրութեան ի սպաս ներդրումին համար» գրեց Քահանայապետը հեռագիրին մէջ մայթելով` որ «այս ազդեցութիւնները շարունակեն մշակութային եւ հոգեւոր պտուղ տան, մասնաւորապէս լուսանցքայիններուն, աղքատներուն ու անյոյսներուն»։
Սրբազան Քահանայապետը յիշեց ապա 2014ին Քորէա կատարած առաքելական այցելութիւնը եւ Քորէացի Մարտիրոսներու երանացումը, ընդգծելով` որ այսօրուայ երիտասարդները ժառանգներն են մարտիրոսներու մեծ հաւատքի վկայութեան, եւ յոյս յայտնելով, որ անոնք Քրիստոսի այդ թանկարժէք վկայութիւնը յառաջ տանին մինչ կը պատրաստուին 2027ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու նշումին, որ տեղի պիտի ունենայ Քորէայի մէջ։
«Սուրբ Աթոռի եւ Քորէայի Հանրապետութեան միջեւ կապերը պիտի շարունակեն զարգանալ մինչ միասնաբար կ՛աշխատինք միասնական հարցերու վրայ` յատուկէն քորէական թերակղզիին մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար» գրեց ապա Սրբազան Պապը որ հեռագիրը եզրափակեց հայցելով Քրոէայի նահատակներուն ու Եկեղեցւոյ Մայր` Մարիամի բարեխօսութիւնը ու բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները, որպէս երաշխիք խաղաղութեան շնորհքին Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ