Որոնել

VATICAN-POPE-AUDIENCE

Աւետարանի հռչակումը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին մէջ. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Յիսուս Երկինք չի մեկնած թողուց հետեւեալ յանձնարարութիւնը. «դուք պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը որ պիտի իջնէ ձեր վրայ եւ պիտի ըլլաք իմ վկաներս...մինչեւ երկրին ծայրերը (Գործ. Առաքելոց 1,8)։ Տէրը արդարեւ մեզի թողուց Սուրբ Հոգին, որ կը հրահրէ առաքելութիւնը եւ ունի գործելաոճ` ստեղծագործութիւն եւ պարզութիւն, զոր մեր կարգին պէտք է ընդօրինակենք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, նախորդ շաբաթներուն տեսանք, թէ Աւետարանի հռչակումը, ուրախութիւն է, յատկացուած է բոլորին, եւ պէտք է ուղղուի այսօրուան։ Այժմ բացայայտենք վերջին էական յատկանիշը. հռչակումը պէտք է տեղի ունենայ Սուրբ Հոգիով»։ Այս խօսքերով սկիզբ տրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, որուն ընթերցումը կատարեց Գերապ. Չամբանելլին տրուած ըլլալով, որ Սրբազան Պապին առողջութիւնը, իր իսկ խօսքով, «բարելաւման մէջ է, բայց տակաւին հանգիստի կարիք ունի»։

Առանց Սուրբ Հոգիի ամէն նախանձեռնութիւն ունայն է

«Փաստօրէն, «Աստուած հաղորդելու համար» բաւարար չէ ուրախալի վկայութեան հաւաստիութիւնը, հռչակումի տիեզերականութիւնը եւ պատգամի արդիականութիւնը։ Առանց Սուրբ Հոգիի ամէն նախանձեռնութիւն ունայն է և առաքելապէս կեղծ, անիկա միայն մերը պիտի ըլլար և պտուղ չպիտի չտայ», նշած է Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան մէջ, ուր յղում կը կատարուի «Աւետարանի Ուրախութիւն» յորդորագիրին որուն մէջ Սրբազան Պապը գրած է` թէ «Յիսուս առաջին եւ ամենամեծ աւետարանողն է», թէ «աւետարանութեան որեւէ ձեւին մէջ առաջնութիւնը Աստուծոյ է», թէ ԱՆ «մեզ ուզեց կոչել համագործակցելու իր հետ եւ ոգեւորուելու իր Հոգիով»։

«Ահա այս է Սուրբ Հոգիին առաջնութիւնը։ Եւ ասոր համար է, որ Տէրը Աստուծոյ Թագաւորութեան շարժականութիւնը կը նմանեցնէ մարդու մը, որ սերմը ցանեց հողին մէջ։ Ինք քնանայ կամ հսկէ, գիշեր ցորեկ սերմը կը ծլի, կ՛աճի եւ ինք չի գիտեր ինչպէս» (Մարկ. 4,26-27)։

Եկեղեցին կը հռչակէ շնորհք մը եւ ոչ ինքզինք

 Սուրբ Հոգին դերակատարն է, ան միշտ կը կանխէ միսիոնարները եւ կը ծաղկեցնէ պտուղները։ Եկեղեցին արդարեւ ինքզինք չի հռչակէր, այլ կը հռչակէ շնորհք մը, պարգեւ մը, եւ Սուրբ Հոգին ճիշտ Աստուծոյ պարգեւն է, այնպէս ինչպէս Յիսուս այս մէկը ըսաւ սամարացի կնոջ (հմմտ. Յովհ. 4,10)։

Յիսուս Երկինք չի մեկնած թողուց հետեւեալ յանձնարարութիւնը. «դուք պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը, որ պիտի իջնէ ձեր վրայ եւ պիտի ըլլաք իմ վկաներս...մինչեւ երկրին ծայրերը (Գործ. Առաքելոց 1,8)։ Տէրը արդարեւ մեզի թողուց Սուրբ Հոգին, որ կը հրահրէ առաքելութիւնը եւ ունի գործելաոճ` ստեղծագործութիւն եւ պարզութիւն, զոր մեր կարգին պէտք է ընդօրինակենք։

Ստեղծագործութիւն

Նախ «Ստեղծագործութիւնը` Յիսուսը հռչակելու ուրախութեամբ, բոլորին, այսօր»։

Այնուամենայնիւ, Հոգիի այս առաջնահերթութիւնը պէտք չէ մեզ տանի դէպի ծուլութիւն և արդարացնէ անջատումը այս դժուար ժամանակներուն մէջ, երբ յարմարաւէտութեան գօտիներուն մէջ ապաստանելու գայթակղութիւնը մեծ է:

Հովուական ստեղծագործութիւնը Սուրբ Հոգիին հաւատարիմ ըլլալու փաստ է։ Հոգին միշտ մեզ կը մղէ ստեղծագործական կերպով և պարզութեամբ աշխատելու առաքելութեան վրայ:

Ամէն անգամ, երբ մենք կը փորձենք վերադառնալ սկզբնաղբիւրին և վերականգնել Աւետարանի սկզբնական թարմութիւնը, ի յայտ կու գան նոր ուղիներ, ստեղծագործական մեթոտներ, արտայայտման այլ ձևեր, աւելի խօսուն նշաններ, այսօրեայ աշխարհի համար նորացած իմաստով լի բառեր (Evangelii gaudium, 11):

Պարզութիւն

Ապա պարզութիւնը` որովհետեւ Սուրբ Հոգին մեզ կը տանի «առաջին հռչակումին»։ Ան կը դրսևորուի հովուական յանդգնութեամբ՝ կրելու էական պատգամը, որ Քրիստոսի մահն ու յարութիւնն է և Անոր սէրը մեզի հանդէպ:

Սուրբ Հոգիին կրակը...մեզի հաւատալ կու տայ Յիսուս Քրիստոսին, որ իր մահուամբ ու յարութեամբ մեզի կը բացայայտէ ու մեզի կը փոխանցէ Աստուծոյ անսահման ողորմութիւնը» (Evangelii gaudium, 164)։

Ե՛կ Սուրբ Հոգի

Եղբայրներ և քոյրեր, թոյլ տանք ներգրաւուիլ Սուրբ Հոգիով և ամէն օր հայցենք զայն. թող Ան ըլլայ մեր էութեան և մեր աշխատանքի սկզբունքը. Թոյղըլլայ իւրաքանչիւր գործունէութեան, հանդիպման, հաւաքի և հռչակումի սկիզբը: Ան կ՛աշխուժացնէ և կ՛ երիտասարդացնէ Եկեղեցին. Անոր հետ մենք պէտք չէ վախնանք, որովհետև Ան, որ ներդաշնակութիւն է, միշտ իրար հետ կը պահէ ստեղծագործութիւնն ու պարզութիւնը, կը ներշնչէ հաղորդութիւնը է կ՛ ուղարկէ առաքելութեան, կը բացուի դէպի բազմազանութիւնը և կը տանի միասնութեան: Ան մեր ուժն է, մեր աւետիսի շունչը, առաքելական եռանդի աղբիւրը։ Եկ, Սուրբ Հոգի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 09:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >