«Թող մօտենայ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան օրը...». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Վերոնշեալ այս կոչը մաս կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին` 2023 տարուայ Սուրբ Ծննդեան «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին ու օրհնութեան, զոր Ան, ըստ աւանդութեան, արտասանեց` Երկուշաբթի 25 դեկտեմբերի կէսօրին, Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն։
Քահանայապետին այս կոչն ու մաղթանքը մաս էր այլ կոչերու ու մաղթանքներու սկսեալ Սուրբ Երկրէն` որուն համար Ան մաղթեց հրադադար ու հակամարտութեան աւարտ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Սուրիան, Եմէնը, Լիբանանը, ափրիկեան ցամաքամասի երկիրներ, ու ամերիկեան ցամաքամասը հրաւիրելով բոլորը ընկալելու խաղաղութեան Իշխանը։
Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ...
Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսած էր ըսելով. «համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն հայեացքը ուղղուած է Բեթղեհէմ, այնտեղ որտեղ, այս օրերուն կը տիրէ ցաւ ու լռութիւն, հնչեց դարերէ սպասուած աւետիսը. «Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ` որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2,11)։
«Հրեշտակին խօսքերն են ասոնք ուղղուած նաեւ մեզի» եւ որ «մեզ կը լեցնէ վստահութեամբ եւ յոյսով իմանալով, որ Տէրը ծնաւ մեզի համար...եկաւ բնակելու մեր մէջ», «այս է ահա լուրը. որ կը փոխէ կեանքին ընթացքը»։
Մեծ ուրախութեան պատգամ` մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք
«Բեթղեհէմէն պատգամը` պատգամ է մեծ ուրախութեան» (Ղուկ. 2,10) ոչ թէ աշխարհի անցողակի ուրախութիւնը, ոչ թէ զուարճանքի ուրախութիւն, այլ «մեծ» ուրախութիւն, որովհետեւ մեզ «մեծ» կը դարձնէ» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով, որ այսօր «մենք մարդ արարածներս, մեր սահմանափակումներով, կ՛ողջագուրենք աննախադէպ յոյսի մը վստահութիւնը... Յիսուս մեր եղբայրը եկաւ որպէսզի իր Հայրը դառնայ մեր Հայրը, Ան փխրուն Մանուկ` մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ քնքշութիւնը ... ու մեզի կու տայ «իշխանութիւնը դառնալու Աստուծոյ զաւակներ» (Յովհ. 1,12)։ Ահա ուրախութիւնը, որ կը մխիթարէ սիրտը եւ կը նորոգէ յոյսը ու խաղաղութիւն կը պարգեւէ, ասիկա Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնն է, ուրախութիւնը ըլլալու սիրուած զաւակներ» յարեց Քահանայապետը։
«Ուրախացիր դուն` որ կորսնցուցիր վստահութիւնը, որովհետեւ մինակ չես` Քրիստոս ծնաւ քեզի համար».... շարունակեց Ան մատնանշելով, որ «Սուրբ Գրգին մէջ Խաղաղութեան Իշխանին կը հակասէ «այս աշխարհիս իշխանը», որ մահ սերմանելով կը գործէ կեանքը սիրող Տիրոջ դէմ։ «Զայն կը տեսնենք գործի լուծուած Բեթղեհէմի մէջ, երբ Փրկիչին ծնունդէն ետք տեղի կ՛ունենայ անմեղներու սպանդը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշելով աշխարհիս մէջ տեղի ունեցող «անմեղներու սպանդները։
«Այո» ըսել խաղաղութեան Իշխանին ու «ոչ» պատերազմին եւ զէնքերուն
«Խաղաղութեան Իշխանին «այո» ըսելը կը նշանակէ «ոչ» ըսել պատերազմին, որեւէ պատերազմի ու նոյնինքն պատերազմի տրամաբանութեան, որ աննպատակ ուղեւորութիւն է, առանց յաղթողի պարտութիւն, առանց պատճառի խելագարութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով նաեւ` որ «ոչ ըսելու համար պատերազմին պէտք է ոչ ըսել «զէնքերուն»։ Որովհետեւ մարդը... երբ մահուան գործիքներ գտնէ իր ձեռքերուն մէջ, ուշ կամ կանուխ կը գործածէ զանոնք»։
«Այսօր եւս Հերովդէսի ժամանակներու նման, չարին դաւադրութիւնները կը հակադրուին աստուածային լոյսին... մարդիկը` որ զէնք չեն ուզէր այլ հաց, որ դժուարութեամբ յառաջ կ՛ընթանան ու խաղաղութիւն կը հայցեն, տեղեակ չեն, թէ որքան պետական գումարներ յատկացուած են սպառազինութեան։ Թէեւ պէտք է իմանան այս մէկը։ Թող խօսուի, թող գրուի ասոր մասին, որպէսզի իմանանք պատերազմներու թելերը շարժողներուն շահերն ու կուտակումները» եղաւ Նորին Սրբութեան դատապարտումը։
«Եսայի Մարգարէն, որ մարգարէացաւ խաղաղութեան Իշխանին մասին գրեց օրուայ մը մասին, որուն մէջ «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ» օրուայ մը մասին,, ուր մարդիկը «այլեւս պատերազմի արհեստը պիտի չի սորուին», այլ «իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն (Եասյի 2,4)։ «Աստուծոյ օգնութեամբ գործի լուծուինք, որպէսզի այդ օրը մօտենայ» յորդորեց Քահանայապետը ապա մաղթեց, որ այդ օրը «մօտենայ Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ, ուր պատերազմը կը ցնցէ այդ ժողովուրդներուն կեանքը»։
Միջին Արեւելքը եւ Իսրայէլ - Պաղեստին հակամարտութիւնը
«Զանոնք կ՛ողջագուրեմ բոլորը, յատկապէս Կազայի քրիստոնեայ եւ համայն Սուրբ Երկրի հասարակութիւնը։ Սրտիս մէջ կը կրեմ անցեալ 7 հոկտեմբերի սանձարձակ յարձակման զոհերուն ցաւը եւ կը վերանորոգեմ հրատապ կոչս ազատ արձակելու տակաւին պատանդ պահուած անձերը։ Կ՛աղաչեմ, որ դադրին զինեալ գործողութիւնները...եւ լուծում գտնուի մարդասիրական յուսահատ իրավիճակին...Թող լուծում գտնուի Պաղեստինեան հարցին, կողմերու միջև անկեղծ և հաստատակամ երկխօսութեան միջոցաւ, աջակցութեամբ ուժեղ քաղաքական կամքի և միջազգային հասարակութեան» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով աղօթելու Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար, ապա յիշեց Սուրիան, Եմէնը, ու սիրելի Լիբանանի ժողովուրդը` մաղթելով, որ «շուտով վերագտնէ քաղաքական ու սոցիալական կայունութիւնը»։
Ուքրանիա, Հայաստան
Նորին Սրբութիւնը խաղաղութիւն հայցեց նաեւ Ուքրանիոյ համար, նորոգելով ուքրանացիներուն հոգեւոր ու մարդկային մօտիկութիւն։ Ապա մաղթեց, որ շուտով հասնի նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան օրը, մաղթելով նաեւ, որ տեղահանները ապահով կերպով վերադառնան իրենց տուները ու յարգուին կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը։
Աերիկեան երկիրներ, ամերիկեան ցամաքամաս
Սրբազան Պապը հրաւիրեց նաեւ չմոռնալ հակամարտութիւնները ու լարուածութիւնները, որոնք կը ցնցեն Սահելը, Ափրիկեան երկիները` Քամերունը, Քոնկոն, Հարաւային Սուտանը, ապա Քորէական թերակղզին, յոյս յայտնելով, որ բացուին երկխօսութեան ու հաշտութեան ուղիներ, որոնք կարողանան «ստեղծել մնայուն խաղաղութեան մը պայմանները»։
Անոր մաղթանքը ապա ուղղուեցաւ Ամերիկեան ցամաքամասին, որպէսզի «Աստուծոյ Որդին, որ դարձաւ հեզ Մանուկ մը, ներշնչէ քաղաքական իշխանութիւններն ու բարի կամքի մարդիկը, որպէսզի «լուծումներ գտնեն յաղթահարելու համար ընկերային ու քաղաքական անհամաձայնութիւնները, պայքարին աղքատութեան բոլոր ձեւերուն դէմ, վերացնեն անհաւասարութիւնները ու դիմագրաւեն գաղթականութեան ցաւալի երեւոյթը»։
Ձայն ըլլալ անոր` որ ձայն չունի
Մսուրին Մանուկը մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ ձայն անոր` որ ձայն չունի` ձայն անմեղներուն, որոնք մահացան ջուրի եւ հացի պակասի պատճառաւ, ձայն անոնց որոնք չեն կարող գործ գտնել կամ կորսնցուցին զայն, ձայն` անոնց որոնք ստիպուած են փախուստ տալ իրենց հայրենիքէն, աւելի լաւ ապագայի մը փնտռտուքով, իրենց կեանքը վտանգելով հիւծող ճամփորդութիւններով եւ թիրախ անբարեխիղճ մարդավաճառներու:
Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց, որ կը մօտենայ Յոբելենական տարւոյն շնորհքի եւ յոյսի ժամանակը, մաղթելով` որ անոր այս պատրաստութեան ժամանակը ըլլայ առիթ սրտի դարձի համար. «Ոչ» ըսելու պատերազմին եւ «այո» խաղաղութեան։
Ընկալենք Յիսուսը ու մեր սիրտը բանանք Անոր
«Ընկալենք Յիսուսը, որ այսօր ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, մեր սիրտը բանանք Անոր` Փրկիչը` որ խաղաղութեան Իշխանն է» եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին վերջին յորդորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ