Որոնել

2024.01.19 Delegazione della Diocesi di Belluno-Feltre, nel 60° anniversario del disastro del Vajont

Դադրեցնենք շրջակայ միջավայրին քանդումը և եղբայրաբար համագործակցինք կեանքի զարգացման գործին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Վայոնի աղէտի զոհ բնակչութեան մէկ պատուիրակութեան։ 1963ի հոկտեմբերի ինին երեկոյեան Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա եւ Վենեթօ նահանգներու սահմանին գտնուող Վային հեղեղատի արհեստական հիդրոէլեկտրական աւազանի հսկայական պատը փուլ կու կու գայ, պատճառելով 1.917 մահ որոնց շարքին 487 մանուկներ ու անչափահասներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1963ի հոկտեմբերի ինին երեկոյեան Իտալիոյ Ֆրիուլի Վենեցիա Ճուլիա եւ Վենեթօ նահանգներու սահմանին մօտ գտնուող Վայոնի արհեստական հիդրոէլեկտրական աւազանի հեղեղատը պատճառեց 1.917 մահ, որոնց շարքին 487 մանուկներ ու անչափահասներ։ Այս տխրահռչակ աղէտէն անցած են ահա վաթսուն տարիներ եւ այսօր` ուրբաթ 19 Յունուարի առաւօտեան, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց այդ աղէտի զոհ բնակչութեան մէկ պատուիրակութեան, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս։ 

Տառապանքի ծանր բերը

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը նշեց, թէ անոնք իրենց հետ Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ բերած են յիշողութեան ու տառապանքի ծանր բեր մը եւ մօտիկութիւն ուզեց արտայայտել բոլորին, շնորհակալ ըլլալով նաեւ անոնց ներկայութեան համար, որ, ըսաւ Քահանայապետը, «կը ներկայացնէ յոյսի ալիք մը»։

Կեանքի ալիք

«Եթէ վաթսուն տարիներ առաջ աղէտալի ալիք մը բնաջնջեց համայն քաղաքներ պատճառելով 1910 զոհեր, դուք այսօր կեանքի ալիք մըն էք...եւ այդ ալիքին պատասխանեցինք յիշողութեան եւ վերակառուցումի յանդգնութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը մտաբերելով այս ալիքը կազմող կաթիլները` փրկարարներ, կառուցողներ, ու բազմաթիւ անձեր, որոնք «թոյլ չտուին, որ ցաւը զանոնք կալանէ եւ գիտցան վերսկսիլ»...«դառնալով յարութեան սերմի վկաները»։

Աղէտին պատճառները

Քահանայապետը ակնարկեց ապա աղէտի պատճառներուն, որոնք, ըսաւ Ան, «ամբարտակի նախագծման կամ կառուցման սխալներն չեն եղած , այլ արհեստական​​ ջրամբարը սխալ տեղ կառուցելու ցանկութեան փաստը...եւ այս մէկը, որովհետեւ «շահոյթի տրամաբանութիւնը» գերակայեց մարդու և միջավայրի խնամքին ու հոգատարութեան տրամաբանութեան, որ յառաջ եկած էր ժլատութենէն ու «ժլատութիւնը կը կործանէ մինչ եղբայրութիւնը կը կառուցէ» աւելցուց Սրբազան Պապը շեշտելով արարչագործութեան խնամք տանելու անհրաժեշտութիւնը։

Մարդաբանական հարց

«Անիկայ պարզ բնապահպանական գործօն մը չէ, այլ մարդաբանական հարց. կապուած է մարդու կեանքին հետ, այնպէս ինչպէս` որ զայն պատկերացուցած է և կազմակերպած է Արարիչը, և կը վերաբերի բոլորին, ընդհանրական հասարակութեան ապագային, որուն մաս կը կազմենք»...եւ «դուք կը վկայէք արարչագործութեան հոգ տանելու այդ անհրաժեշտութիւնը, որ էական է այսօր, երբ մեր հասարակաց տունը կը քանդուի, շահոյթի ժլատութեան եւ սեփականացումի պատճառաւ» որ կը մնայ «մեծ խաբէութիւն մը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Արարածներու երգ երգոցին, որուն այս տարի կը յիշատակուի 800 ամեակը, որուն մէջ Ասսիզիի աղքատիկը արեւը, լուսինը, աստղերը, հովը, կրակն ու այլ տարրերը կը կոչէ քոյր ու եղբայր, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը «արարածները մաս են միակ «բարիի կենդանի ցանցի մը», որ Տէրը կազմակերպած է մեզի համար»։

Ճանչնալ ու պաշտպանել արարչութիւնը

«Մենք այսօր կարիք ունինք Սուրբ Ֆրանչիսկոսի յարգալիր ու հայեցողական հայեացքին ճանչնալու համար արարչութեան գեղեցկութիւնը եւ գիտնալ իրերուն տալ ճիշտ կարգը, որպէսզի դադրեցնենք ժլատութեան մահացու տրամաբանութեամբ քանդել շրջակայ միջավայրը և եղբայրաբար համագործակցիլ կեանքի զարգացման գործին մէջ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով, թէ ներկաները այս մէկը կ՛ընեն « «պահպանելով յիշողութիւնը և վկայելով, թէ ինչպէս կեանքը կարող է յարութիւն առնել ճիշտ այնտեղ, որտեղ ամէն ինչ մահով կուլ տրուած էր։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց բոլորին շնորհելով իր օրհնութիւնները եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 11:25