Որոնել

2024.01.07 Angelus

«Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ համայն աշխարհի համար». Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Սրբազան Պապը յիշեց առաւօտեան իր մկրտած մանուկները, շնորհաւորեց Արեւելեան Եկեղեցիներուն Սուրբ Ծնունդը, կոչ ուղղեց ազատ արձակելու Քոլոմպիայի մէջ առեւանգուած մարդիկը, աղօթք խնդրեց Քոնկոյի մէջ ջրհեղեղի թիրախ բնակչութեան համար ու դարձեալ նորոգեց իր խաղաղութեան կոչը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Յունուար 2024ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նշեց թէ ինք առաւօտեան նորածիններուն մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց ու խնդրեց աղօթել անոնց համար ու անոնց ընտանիքներուն համար ինչպէս նաեւ բոլոր մանուկներուն, որոնք այս օրերուն պիտի ընդունինք Մկրտութեան Խորհուրդը։

Քահանայապետը ապա Յուլիանոս կայսրի օրացոյցի համաձայն Արեւելեան Եկեղեցիներու այսօր տօնած Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մաղթելով` որ «Յիսուսին Ծնունդը զանոնք լիացնէ լոյսով սիրող ու խաղաղութեամբ»

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա աղօթել անյապաղ ազատ արձակելու համար բոլոր մարդիկը որ այժմ առեւանգուած են Քոլոմպիայի մէջ յոյս յայտնելով որ այդ արարքը սատարէ Երկրին մէջ հաշտութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտի մը ստեղծումին։ Ան ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան բնակչութեան որ անցեալ օրերուն թիրախ դարձան ջրհեղեղի ու անգամ մը եւս նորոգեց հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար` «Խաղաղութիւն Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ համայն աշխարհի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ողջունելով տարբեր վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2024, 12:35