Որոնել

2024.01.01 Angelus

Այս տարուայ իւրաքանչիւր օր` ըլլանք խաղաղութեան գործիչներ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Յայտնենք` որ այսօր յիշատակուող Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան անդամները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուեցան իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով խաղաղութիւն հայցող պաստառներ ու նաեւ այն երկիրներուն անունները, որոնք խաղաղութեան կարիքն ունին։ Անոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի մէկ Յունուար 2024. Տարուան առաջին օրը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորած առաջին Մարեմեան աղօթքին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքէն ետքը ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակ ժամանած բազմահազար ուխտաւորներուն, նախ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին` Ամավերջի պատգամին մէջ իրեն ուղղած բարեմաղթանքներուն համար, զոր Ինք փոխարինեց անոր վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները։

Աղօթել Նիքարակուայի համար

Սրբազան Պապը հուսկ խոր մտահոգութիւն արտայայտեց Նիքարակուայի մէջ պատահածին համար, ուր, ըսաւ Ան «Եպիսկոպոսներն ու քահանաները ազատութենէ զրկուած են»։

«Անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն ու Երկրի համայն Եկեղեցւոյ կը յայտնեմ իմ մօտիկութիւնս աղօթքի մէջ։ Ու թախանձագին աղօթքին կը հրաւիրեմ նաեւ ձեզ բոլորդ, որ այստեղ կը գտնուինք ու Աստուծոյ համայն ժողովուրդը, մինչ կը մաղթեմ, որ միշտ որոնուի երկխօսութեան ուղի մը յաղթահարելու համար դժուարութիւնները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը` հրաւիրելով այսօր աղօթել Նիքարակուայի համար։

«Խաղաղութիւն բոլոր երկիրներուն մէջ»

Ան ապա յատուկ մաղթանքներ փոխանցեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, ողջունելով Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած «Խաղաղութիւն բոլոր երկիրներուն մէջ» ձեռնարկին մասնակցողները ու յիշելով նաեւ խաղաղութեան ի սպաս տարբեր երկիրներու մէջ իրագործուած ձեռնարկները, աղօթքներն ու յանձնառումը, խաղաղութեան նուիրուած այս Օրուան առիթով, եւ հրաւիրեց չմոռնալու Ուքրանիան, Պաղեստինը եւ Իսրայէլը, «որոնք կը գտնուին պատերազմի մէջ» ըսաւ Ան, հրաւիրելով բոլոր հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի հաստատուի խաղաղութիւնը։

Հայաստանը

Յայտնենք` որ այսօր յիշատակուող Խաղաղութեան Համաշխարհային օրուան առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան անդամները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուեցան իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով խաղաղութիւն հայցող պաստառներ ու նաեւ այն երկիրներուն անունները, որոնք խաղաղութեան կարիքն ունին։ Անոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանը։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ապա Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրեց` որ իր «մայրական բարեխօսութեամբ թիկունք կանգնի առաջադրանքին ու յանձնառումին` ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ, ամէն օր, նաեւ այս նոր տարուայ իւրաքանչիւր օր», շեշտեց Սրբազան Պապը «խաղաղութեան գործիչներ, Խաղաղութիւն տանիլ» յարեց Ան ու խօսքը աւարտեց ինչպէս միշտ աղօթքներ խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2024, 12:32