Մկրտութիւնը ամենամեծ նուէրն է` հաւատքին նուէրը. Ֆրանչիսկոս Պապը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատրիկան
Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող կիրակին` այս տարի 7 Յունուարին ըստ լատինաց Յիսուսին մկրտութեան տօնին օրը, Սրբազան Պապը աւանդութեան համաձայն Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին սուրբ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց 16 նորածիններուն։
Այս աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1981 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով։
Սկզբնական շրջանին այս մէկը վերապահուած էր Զուիցերական պահակագունդի անդամ զինուորականներու մանուկներուն եւ առաջին տարիներուն կատարուեցաւ առաքելական պալատի Պօղոսեան մատրան մէջ մինչ 1983-էն ասդին արարողութեան մատակարարումը փոխադրուեցաւ աշխարհածանօթ Սիքստինեան մատրան մէջ, ներառելով Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին զաւակները, որոնք մէկ տարեկանը չեն բոլորած։
Քահանայապետին խօսքերը
Արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը օրուան աւետարանական ընթերցումէն ետքը յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ նշեց թէ «այսօր եկած ենք մկրտելու, մեր մանուկներուն շնորհելու հաւատքին պարգեւը, եւ այսօր իրենք են արարողութեան դերակատարները, թոյլ տուէք` որ ազատ զգան իրենք զիրենք, իրենց տօնախմբութիւնն է եւ պիտի ընդունին ամենագեղեցիկ նուէրը` հաւատքին նուէրը» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով` որ «թէեւ այժմ լուռ են բայց բաւարար է որ անոնցմէ մին սկսի լալ որ միւսները կը հետեւին իրեն եւ համերգը կը սկսի։ Եթէ անօթի են կերկարեցէք...իրենք են դերակատարները» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով թէ ինչպէս այս մանուկները «այսօր մեզի կը վկայեն ինչպէս ընդունիլ հաւատքը` անմեղութեամբ ու սրտի բացուածքով»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը ուղղելով ծնողներուն եւ կնքահայր կնքամայրերուն մաղթեց որ անոնց կեանքը ըլլայ օգնութիւն մանուկներու աճումին ու կարողանան օգնել որպէսզի հաւաքը աճի անոնց մէջ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց վկայութեան համար եւ այս մանուկները եկեղեցի առաջնորդած ըլլալուն համար։
Նորին Սրբութիւնը պատարագի աւարտին եւս յորդոր մը ուղղեց ներկաներուն հրաւիրելով իրենց զաւակներուն միշտ յիշեցնելու այսօրուան թուականը, որովհետեւ ,ըսաւ Ան ,«ասիկա ծննդեան թուական է։ ձեզմէ իւրաքանչիւրն ալ թող յիշէ Սուրբ Մկրտութեան օրուան թուականը, անիկայ թուականն է երբ մենք ընդունեցանք Տիրոջ շնորհքը ու դարձանք քրիստոնեաներ»։
«Այս մէկը սորվեցուցէք ձեր մանուկներուն, որպէսզի զայն տօնախմբեն ամէն տարի» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Մատուրը ուր կ՛ընտրուին քահանայապետերը
Յայտնենք` որ Սիքստինեան Մատուռը տիեզերական արուեստի ու աշխարհի ամենահռչակ թանգարանային վայրերէն մին ըլլալէն անդին կը ծառայէ նաեւ որպէս վայր՝ Կարդինալներու Ժողովին, ուր կ՝ընտրուի Նոր Քահանայապետը։
Մատուրը գլուխ գործոցն է աշխարհահռչակ արուեստագէտ Միքելանճելոյին, որ հոգացած է Մատրան առաստաղի կամարի զարդարանքի աշխատանքները (1508էն-1512 թուականներուն) ինչպէս նաեւ խորանի ետեւի պատին «Վերջին Դատաստան» գործը՝ 1536էն-1541 թուական։
Մատուռը իր անունը առած է Սիքստոս Դ.րդ Տէլլա Ռովերէ Քահանայապետէն, որ զայն կառուցել տուած է ճարտարապետ Ճովաննի Տէյ Տոլչիի-ն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ