Որոնել

Սան Տամազոյի գաւիթը Սան Տամազոյի գաւիթը 

Հրամանագիր Վատիկանի Պետութեան մէջ կանոնական կարգադրութիւններու հրապարակումի վերաբերեալ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը սահմանէ, որ որեւէ կանոնական կարգադրութիւն հրապարակուած կը համարուի, այն ատեն երբ անոնք կը զետեղուին Սան Տամասօ գաւիթին, թղթատարական գրասենեակներուն, կառավարման պալատի դուռերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Վատիկան քաղաքի պաշտօնական կայքէջին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

17 յունուարին, օրէնսդրական հրամանագիրով մը ֆրանչիսկոս Պապ սահմանեց որ «որեւէ բնոյթով կանոնական կարգադրութիւններ պէտք են հրապարակուած համարուիլ այն երբ անոնց կը զետեղուին Սան Տամասօ գաւիթին, թղթատարական գրասենեակներուն եւ կառավարման պալատի դուռերուն վրայ ինչպէս նաեւ Վատիկան քաղաքի պաշտօնական կայքին մէջ, անկախ Act Apostolicae Sedis հաւաքածոյի մէջ հրապարակումի թուականէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրամանագիրին մէջ կը հաստատէ, որ հրամանագիրը անմիջապէս ուժի մէջ մտնէ եւ Պետութեան կողմէ կնքուած կնիքով զետեղուի Վատիկան քաղաքաքի պետական օրէնքներուն արխիւին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը խնդրէ որ վերոյիշեալ հրամանագիրը փակցուի Սան Տամազօ գաւիթին, թղթատարական գրասենեակներուն, Վատիկան քաղաքի կառավարման պալատին դուռերուն մօտ ու զետեղուի Acta Apostolicae Sedi հաւաքածոյին մէջ ,ուղարկելով հինգ պատասխանատուներ այդ դիտարկելու եւ դիտարկել տալու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 12:49