2024.01.28 Angelus

Թող ունկնդրուի խաղաղութեան աղաղակը, բռնութիւններէն յոգնած մարդոց աղաղակը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքէն ետք Քահանայապետը յիշեց Միանմարի ապրած ողբերգութիւնը կոչ ուղղելով եղբայրական համերաշխութեան համար, ապա ակնարկեց պատերազմներուն, նորոգելով իր խաղաղութեան կոչը ու հաստատելով, որ «պատերազմը պարտութիւն է»։ Քահանայապետին կոչերուն մաս կազմեցին ապա Հայիթին եւ Իսթանպուլը` ուր առաւօտեան Եկեղեցի մը թիրախ դարձաւ զինեալ յարձակումի մը։ Աւարտին Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները կարդացին խաղաղութեան նամակը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Յունուարի կէսօրին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, նախ յիշեց Միանմարի բնակիչներուն պարած ցաւալի իրավիճակը, որ «կը տեւէ երեք տարի է ի վեր» եւ ուր «լացն ու տառապանքը ու զէնքերու աղմուկը գրաւեցին այդ բնակչութիւնը յատկանշող ժպիտին տեղը», նշեց Սրբազան Պապը իր ձայնը միացնելով Երկրին եպիսկոպոսներու ձայնին, «որպէսզի կործանումին զէնքերը փոխակերպուին ու դառնան գործիքներ` աճելու համար մարդկայնութեան ու արդարութեան մէջ», յարեց Ան, հաստատելով` որ «Խաղաղութիւնը ուղեւորութիւն է» ու հրաւիրեց բոլոր ներգրաւուած կողմերը քալելու երկխօսութեան ճանապարհին վրայ, որպէսզի «Միանմարը հասնի եղբայրական համերաշխութեան նպատակին»։

Կոչ ի նպաստ Միանմարին, Միջին Արեւելքին ու խաղաղութեան

«Թող թոյլատրուի մարդասիրական օգնութեան տարանցումը իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորելու համար պէտք եղածը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այս մէկը մաղթելով նաեւ Միջին Արեւելքի` Պաղեստինի եւ Իսրայէլի համար ու բոլոր վայրերուն մէջ, ուր հակամարտութիւն կայ»։

«Թող յարգուին խաղաղ բնակիչները», ըսաւ ապա Քահանայապետը մտաբերելով Ուքրանիոյ պատերազմը ու կոչ ուղղելով, որ «Ունկնդրուի խաղաղութեան աղաղակը` մարդոց աղաղակը, որ յոգնած է բռնութիւններէն եւ կ՛ուզէ, որ պատերազմը կանգ առնէ։ Անիկայ աղէտ է ժողովուրդներուն համար եւ պարտութիւն` մարդկութեան», յարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Հայիթի

Ան ապա իր ուրախութիւնը արտայայտեց Հայիթիի մէջ առեւանգուած կրօնաւորուհիներուն ու միւս անձերուն ազատ արձակման համար, կոչ ուղղելով` որ ազատ արձակուին նաեւ միւս բոլոր առեւանգուած մարդիկը ու վերջ դրուի բռնութեան ու բոլորը սատարեն Երկրին խաղաղ զարգացումին, որ «կարիքը ունի Միջազգային ընտանիքի աջակցութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Իսթանպուլ

Քահանայապետին մտածումը ուղղուեցաւ հուսկ կիրակի առաւօտեան Իսթանպուլի մէջ Իտալական Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ մը դէմ կատարուած զինեալ յարձակումին, որուն պատճառաւ կայ մէկ զոհ ու մի քանի վիրաւորներ իր մօտիկութիւնը արտայայտելով տեղւոյն հասարակութեան։

Բորոտներու համաշխարհային օր

Ան յիշեց նաեւ` թէ այսօր կը յիշատակուի բորոտներու համաշխարհային օրը քաջալերելով բոլոր անձերը` որոնք յանձնառու են օգնութեան հասնելու ու այդ հիւանդութենէն տառապողները ընկերութեան մէջ ընդելուզելու։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց իտալիայէն ու աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Ացիոնէ Քաթթոլիայի պատանիներուն, որոնք հրապարակ ժամանած էին «Խաղաղութեան Կարաւանին» մասնակցելէն ետքը։

Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն խաղաղութեան կոչը

«Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար եւ շնորհակալութիւն ձեր յանձնառումին` աւելի բարօր ընկերութիւն մը կառուցելու համար» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց իր մօտ գտնուող երկու պատանիները կարդալու խաղաղութեան պատգամը։

Պատգամէն ետքը Ան հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնրդեց` որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2024, 12:45