Հռոմի Քուրիայի Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը` անհատական
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած է Հռոմի մէջ բնակութիւն ունեցող կարդինալներուն, Վերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն ու Հռոմի Քուրիայի մեծաւորներուն անհատական կերպով ապրելու Հոգեւոր Կրթութեան ժամանակ մը, դադրեցնելով իրենց աշխատանքային գործունէութիւնը ու աղօթքի մէջ ամփոփուելով քառասնորդացի առաջին շաբթուան ընթացքին, սկսեալ Կիրակի` 18 Փետրուարէն մինչեւ ուրբաթ` 23 Փետրուար 2024»։
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, թէ «այս շաբթուայ ընթացքին դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր գործունէութիւնները, ներառեալ 21 Փետրուարի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ