Որոնել

2023.09.15 Settimana sociale 50 Trieste Piazza Unità

Ֆրանչիսկոս Պապը փակումը պիտի կատարէ «Իտալիոյ կաթողիկէներու ընկերային շաբթուան»՝ Թրիեսթէյի մէջ

Սրբազան Քահանայապետը 7 Յուլիս 2024 թուականին պիտի այցելէ Իտալիոյ սահմանամերձ քաղաքը՝ փակելու Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ձեռնարկը՝ մասնակիցներուն ուղղած իր ճառով եւ Սուրբ Պատարագ մատուցանելով։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յուլիս ամսոյն պիտի մեկնէ Թրիեսթէ՝ «Իտալիոյ Կաթողիկէներու Ընկերային 50րդ շաբթուան»՝ փակումը կատարելու համար։ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի բազմամեայ այդ ձեռնարկին նպատակն է խորացնել քրիստոնէական ընկերային պատգամը եւ առաջնորդել հաւատացեալներու գործողութիւնները աշխատանքային բնագաւառներէն ներս։

Այս մասին կը հաղորդէ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ճուզեփփէ Պաթուրին՝ Յունուար 22էն 25ը տեղի ունեցած իտալացի եպիսկոպոսներու Մշտական ​​խորհուրդի ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ: Գերապայծառը մանրամասնած է նաեւ, որ Թրիեսթի ընկերային շաբաթը տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուայ Յուլիսի 3էն 7ը. «Սրբազան Պապը պիտի ժամանէ վերջին օրը՝ Կիրակի 7 Յուլիսին՝ միջոցառումի մասնակիցներուն իր պատգամը բերելու եւ Սուրբ Պատարագ մատուցանելու համար»:

Ժողովրդավարութիւն, մասնակցութիւն եւ ապագայ

Վերոնշեալ ձեռնարկին նիւթն է՝ «Ժողովրդավարութեան սիրտէն ներս,․ մասնակցիլ ընդմէջ պատմութեան եւ ապագայի», որ 2022 թուականի սեպտեմբերին ներկայացուած էր Միլանի «Սուրբ Սիրտ» կաթողիկէ համալսարանին մէջ:

Կազմակերպչական կոմիտէի նախագահ, Քաթանիայի Արքեպիսկոպոս Լուիճի Ռեննան, այդ առիթով ընդգծած էր, որ «Իտալացի կաթողիկէներու շաբաթ» անվանումը, որ կը գործածուէր անցեալին, փոխուած է «Իտալիոյ կաթողիկէներու շաբաթ» անուանումով՝ այդպիսով ճանչնալով Երկիրի եւ անոր քրիստոնէական համայնքներու բաց ըլլալը եւ աշխարհի շատ վայրերէն ժամանած անձերու ներկայութիւնը»:

Թրիեսթէի եպիսկոպոսի երախտագիտութիւնը

Թրիեսթէի եպիսկոպոս գերապայծառ Էնրիքօ Թրիեվիզին, տեղեկանալով Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան մասին, իր հերթին նշած է, որ քաղաքը գտնուելով Իտալիոյ ծայրամասին, սահմանակից է նաեւ այլ երկիրներուն, ինչը կը նշանակէ հանդիպում այլ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ եւ «կը նմանի հրաւէրի՝ պատրաստ ըլլալու հաղորդել եւ վկայել խաղաղութեան եւ արդարութեան աւետարանական պատգամը, զոր Սրբազան Քահանայապետը կը տարածէ բոլոր առիթներով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 11:50