Որոնել

2024.01.26 Membri della Commissione mista internazionale per il dialogo teologico tra la Chiesa cattolica e le Chiese ortodosse orientali; e Partecipanti alla Visita di studio annuale di giovani sacerdoti e monaci delle Chiese ortodosse orientali

Երիտասարդներու ներգրաւումը մեր Եկեղեցիները մերձեցնելու գործին մէջ Սուրբ Հոգիի նշանն է․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնաժողովի անդամները եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու եւ վանականներու պատուիրակութիւնը խրախոսելով շարունակել փոխադարձ ճանաչողական այցերը ինչպէս պատահեցաւ անցեալ տարի երբ երիտասարդ կաթողիկէ քահանաներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Էջմիածինը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 26 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ընդունեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնաժողովի անդամները՝ անոր ստեղծման քսանամեակին առթիւ, ու անոնց հետ միասին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու եւ վանականներու տարեկան ճանաչողական այցի մասնակիցները։

Այս առիթով ուղղած իր պատգամին սկիզբը, Սրբազան Պապը, Յանձնաժողովի պատմութեան անդրադառնալով, նշեց, որ անոր առաջին նիստէն սկսեալ, որ կայացած է Գահիրէի մէջ 2004 թուականի Յունուարին, Յանձնաժողովը ընդունած է եկեղեցագիտական բնոյթի երեք կարեւոր փաստաթուղթեր՝ արտացոլելով ղպտի, սուրիական, հայկական, մալանքարական, եթովպական, էրիթրէական, լատին քրիստոնէական աւանդոյթներու հարստութիւնը։

Միասնութիւնը բազմազանութեան մէջ

Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այդ երկխօսութիւնը հարստացած է բազմազանութեան մէջ միասնութեան մասին մտածելով, եւ մէջբերեց Յանձնաժողովի առաջին փաստաթուղթէն հատուած մը․ «հիմնուած մշակութային, ընկերային եւ մարդկային համատեքստներու բազմազանութեան մէջ՝ Եկեղեցին կ՛ընդունէ միեւնոյն հաւատքի աստուածաբանական տարբեր արտայայտչաձեւեր եւ եկեղեցական կարգապահութիւններու տարբեր ձեւեր, պատարագի ծէսեր ու հոգևոր ժառանգութիւններ՝ աշխարհի բոլոր ծայրերէն ներս: Այս հարստութիւնն ալ աւելի շքեղ կերպով ցոյց կու տայ մէկ Եկեղեցւոյ կաթողիկէութիւնը» (Nature, constitution and mission of the Church, n. 20, 2009):

Մշտական​​ հովուական մտահոգութիւն

Սրբազան Հայրը այնուհետեւ խօսեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան եւս մէկ յատկանիշի մասին՝ մշտական ​​հովուական մտահոգութեան մասին, եւ յատուկէն ընդգծեց, որ շարունակութեան արժանի է փոխադարձ ճանաչողական այցեր կազմակերպելու վերջերս իրականացուած նախաձեռնութիւնը, երբ Ուղղափառ Եկեղեցիներու երիտասարդ քահանաներու եւ վանականներու չորս պատուիրակութիւններ՝ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան հրաւէրով այցելած են Հռոմ՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին աւելի լաւ ճանչնալու համար, իսկ երիտասարդ կաթողիկէ քահանաներու պատուիրակութիւնը անցեալ տարի այցելած է Էջմիածին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հրաւէրով։

Երիտասարդներու ներգրաւումը

Ասկէ մեկնելով՝ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, որ․ «Երիտասարդներու ներգրաւումը մեր Եկեղեցիները մերձեցնելու գործին մէջ Սուրբ Հոգիի նշանն է, որ ներդաշնակութեան մէջ կը երիտասարդացնէ Եկեղեցին, ներշնչելով հաղորդութեան ուղիներ, պարգեւելով իմաստութիւն նոր սերունդներուն եւ մարգարէութիւն տարեցներուն (հմմտ Հովել 3.1):

«Մեր Եկեղեցիներու միջեւ լիարժէք հաղորդութիւնը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ հրատապ եւ անհրաժեշտ է»

Ան ի վերջոյ եզրափակեց իր պատգամը ըսելով․ «Գթասիրութեան երկխօսութիւն, ճշմարտութեան երկխօսութիւն, կեանքի երկխօսութիւն. երեք անբաժանելի ուղիներ՝ շարժելու այն համամիութենական ուղիով, որ ձեր Յանձնաժողովն յառաջ կը մղէ արդեն քսան տարի: Քսան տարին` երիտասարդութեան տարիքն է, երբ որոշիչ ընտրութիւններ կը կատարուին: Թող այս տարեդարձը (․․․) վերականգնէ այն համոզմունքը, որ մեր Եկեղեցիներու միջեւ լիարժէք հաղորդութիւնը ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ հրատապ եւ անհրաժեշտ է «որպէսզի աշխարհը հաւատայ» (Յովհաննէս 17.21)»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 11:48