Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Վերոնայի Ամփիթատրոնի Հիմնադրամի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Վերոնայի Ամփիթատրոնի Հիմնադրամի անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Արուեստի միջոցաւ պարգեւել երջանկութիւն, հաղորդել ներդաշնակութիւն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը՝ Վերոնայի Ամփիթատրոնի վերանորոգման հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, ունկնդրութիւն շնորհեց համանուն Հիմնադրամի շուրջ 300 անդամներուն, որոնք «հաւաքած ու վառ պահած են անցեալի թանկարժէք ժառանգութիւնը եւ զայն աւելիով հարստացուցած` զայն գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

18 Յունուար 2024 թուականին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Վերոնայի Ամփիթատրոնի վերանորոգման հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց համանուն Հիմնադրամի շուրջ 300 անդամներուն։

«Բարձրագոյն մակարդակի գեղարուեստական ​​գործունէութեան հարիւր համերգաշրջաններ, որոնք հաւաքած ու վառ պահած են անցեալի թանկարժէք ժառանգութիւնը եւ զայն աւելիով հարստացուցած են՝ գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար։ Եւ այս մէկը շատ գեղեցիկ է. Երախտագիտութեան եւ գթասրտութեան խելացի, ստեղծագործ եւ առարկայական ձեւ մըն է», Քահանայապետը այս խօսքերով սկսաւ վերոնշեալ Հիմնադրամի անդամներուն ուղղած իր պատգամը շեշտելով, որ 1913 թուականին Ճուզեփփէ Վերտիի «Այիտա» օփերան Ամփիթատրոնի վերածնունդը եղաւ։

Մեծ համայնքի աշխատանքը

Յատուկէն անդրադառնալով Ամփիթատրոնի «բազմաձեւ ժառանգութեան», Ան նկատել տուաւ, որ անոր 2000 տարիներու պատմութեան ետին կայ` մեծ աշխատանք, նուիրում եւ ջանք, զայն պահպանելու համար։

Այդ գործի մէջ ներգրաւուած բոլոր անձերուն՝ ներառեալ «անդրաբեմի» աշխատողներու աշխատանքի կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ «իր միտքը կու գայ այն, ինչ Սուրբ Պօղոս ըսած է Եկեղեցւոյ մասին, երբ համեմատած է զայն մարմինի մը հետ, որ «միայն մէկ անդամէ չի բաղկանար, այլ ՝ բազմաթիւ անդամներէ»՝ եւ, որ իրենց յատուկ գործառոյթներով «բոլոր անդամները փոխադարձաբար զիրար կը լրացնեն« (հմմտ․ Թուղթ Կորնթացիներու Ա - 12, 1-27)»:

«Հարիւր տարուայ արուեստը, յիրաւի, մէկ անձը չի կարող արտադրել , (…) այլ կը պահանջէ մեծ համայնքի մը ներդրումը,(…) որ գիտէ, որ կը կառուցէ ոչ միայն իրեն, այլեւ բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին պիտի գան», ի հետեւութիւն ըսուածի, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աշխատիլ ուրիշներուն գեղեցիկ բան մը նուիրելու ուրախութեան համար

Ան իր պատգամը աւարտեց ըսելով, որ․«ինչպէս արուեստին այնպէս ալ կեանքին մէջ կարեւոր է ըլլալ խոնարհ եւ առատաձեռն», «երկու առաքինութիւն» որոնց մասին կը պատմէ անոնց պատմութիւնը եւ քաջալերեց, շարունակել այդ աշխատանքը սիրով, «ոչ այնքան անձնական յաջողութեան, որքան ուրիշներուն գեղեցիկ բան նուիրելու ուրախութեան համար»՝ այդպիսով «պարգեւելով երջանկութիւն, տարածելով անդորրութիւն, հաղորդելով ներդաշնակութիւն, որուն բոլորս կարիքը ունինք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2024, 11:30