Որոնել

2024.01.22 Produttori partecipanti alla Manifestazione Vinitaly

Յարգանքը եւ մարդասիրութիւնը հիմնարար գործօններ՝ աշխատանքի կառավարման եւ մարդկանց պաշտպանութեան համար․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը եւ իտալական գինիի աշխարհը» համագումարի մասնակիցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 22 Յունուարին ընդունեց «Vinitaly» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած` «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւնը եւ իտալական գինիի աշխարհը» բնաբանով համագումարին մասնակիցները։

Անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը Պապը գնահատեց Ընկերութեան մէջ ներգրաւուած մեծաքանակ ձեռնարկութիւններու գործունէութիւնը, ինչպէս ազգային, այնպէս ալ միջազգային գետնի վրայ եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ՝ միասին համախմբուած, կը խորհին նաեւ այդ աշխատանքի բարոյագիտական բնոյթի եւ բարոյական պատասխանատուութիւններու մասին՝ ներշնչուելով «Ասսիզիի Աղքատիկէն»։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը մասնաւորապէս կեդրոնացուց «յարգանք» բառին վրայ՝ նշելով, որ այդ է վերաբերմունքը, որ անոնք կը ցուցաբերեն իրենց աշխատանքին մէջ եւ, որ այդ մէկը «հիմնարար է որակեալ արտադրանքի համար», քանի որ․ «արդիւնաբերական հմտութիւններու եւ առեւտրական տրամաբանութեան կիրառումը բաւարար չէ»։

«Հողը, որթատունկը, մշակումի, խմորումի եւ հասունացումի գործընթացները կը պահանջեն հետեւողականութիւն, ուշադրութիւն եւ համբերութիւն», հաստատեց ապա Ան եւ այս առնչութեամբ մէջբերեց Սուրբ Գիրքէն հատուած մը․

«Արդ, եղբարքս, երկայնամիտ եղէք մինչեւ Տիրոջ գալուստը, ահա մշակը երկայնամիտ եղած սպասում է երկրի պատուական պտղին, մինչեւ որ առաջի եւ վերջի անձրեւն առնէ» (Յակոբոս 5:7), :

Ֆրանչիսկոս Պապը այնուհետեւ կրկին անգամ ընդգծեց հողի օգտագործման մէջ յարգանքի եւ մարդասիրութեան դրսեւորման կարեւորութիւնը, որոնք ըստ Անոր պէտք է առաւել վճռական դառնան «աշխատանքի կառավարման, մարդկանց պաշտպանութեան եւ արտադրանքի սպառման գործին մէջ», եւ յղում կատարելով իր «Գովեալ ըլլաս» առաքելական յորդորագիրին (Laudato si', 208) նկատել տուաւ, որ այդպիսով հնարաւոր կը դառնայ ուրիշներու եւ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ հոգատարութիւնը։

«Գինին, հողը, գիւղատնտեսական եւ ձեռնարկատիրական հմտութիւնները Աստուծոյ պարգեւներ են, բայց եկէք չմոռնանք, որ Արարիչը այդ ամէնը մեզի, մեր զգայունութեանը եւ մեր ազնուութեանը վստահած է, որպէսզի կարողանանք, ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ կ’ըսուի, զայն ուրախութեան իրական աղբիւր դարձնել իւրաքանչիւր «մարդու սիրտին» համար (հմմտ․ Սողոմոն 104,15), ըսաւ աւարտին Սրբազան Պապը եւ՝ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին ոճով, «խաղաղութիւն եւ բարիք» մաղթեց բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 11:31