Որոնել

2024.01.25 Conversione di san Paolo apostolo â   Secondi Vespri

Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմ. Առանց Երկու Պետութիւններու գոյութեան խաղաղութիւնը հեռու կը մնայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը իտալական «La Stampa» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց ընդհանուր զինադադարի մը անհրաժեշտութիւնը հաստատելով, թէ «կը գտնուինք անդունդի եզրին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գոյութիւն ունի Օզլոյի համաձայնագիրը, երկու Պետութիւններու լուծումով։ Մինչեւ այն ժամանակ, որ այդ համաձայնութիւնը չյարգուի խաղաղութիւնը կը մնայ հեռու». Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Երկրին մէջ պատերազմին վերաբերող իր այս գաղափարը արտայայտեց իտալական «La Stampa» օրաթերթի լրագրող «Domenico Agasso»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, ուր անդրադառնալով ընթացքի մէջ գտնուող բազմաթիւ պատերազմներուն, անգամ մը եւս հրաւէր ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան համար ու խնդրեց «ռումբերու եւ հրթիռներու անմիջական դադրեցումը, վերջ դնելով թշնամական վերաբերմունքներուն».... «ընդհանուր զինադադար» որովհետեւ «կը գտնուինք անդունդի եզրին»։

Պատերազմը «արդար» չէ

Քահանայապետը կը բացատրէ ապա, թէ ինք հակառակ է, որ պատերազմը «արդար» սահմանուի մինչ կը նախընտրէ ըսել, թէ ինքնապաշտպանութիւնը օրինական է բայց պատերազմները միշտ ալ սխալ են ու պէտք չէ զանոնք արդարացնել։

Սուրբ Երկրի հակամարտութեան լուծումի մը հանգելու հարցով Սրբազան Պապը յոյսեր կ՛արտայայտէ, այս ծիրէն ներս գնահատելով Կարդինալ Փիցցապալլային ջանքերը եւ միւս կողմէն Կարդինալ Ծուփփիին միջամտութիւնը Ուքրանական պատերազմի ծիրէն ներս։

Աւետարանը սահմանուած է բոլորին

Հարցազրոյցի ընթացքին Ան անգամ մը եւս կ՛անդրադառնայ «Fiducia supplicans» անկանոն զոյգերու ու միասեռական անհատներու օրհնութեան հայող փաստաթուղթին, յիշեցնելով` թէ «Քրիստոս կը կոչէ բոլորը».... «Աւետարանը բոլորը սրբացնելու համար է», պայմանաւ որ բարի կամք ըլլայ։ «Այնտեղ չ՛օրհնուիր միութիւնը այլ անհատը» կ՛ընդգծէ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով նաեւ, թէ բոլորս ալ մեղաւորներ ենք ու թէ Աւետարանը սահմանուած է բոլորին։

Անդրադառնալով փաստաթուղթին հայող որոշ քննադատութիւններուն Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ, որ ընդհանուր առմամբ, աստիճանաբար, անդորրութիւն տիրէ փաստաթուղթին շուրջ, որովհետեւ «անոր նպատակը ներառել է եւ ոչ թէ բաժնել»։

Առանձնութեան զգացումը

Քահանայապետը կը խոստովանի թէ երբեմն ինքզինք կը գայ միայնակ, «բայց եւ այնպէս յառաջ կ՛ընթանամ, օրը օրին»։ Ան ապա կը հաստատէ, թէ չի վախնար հերետիկոսութենէն. «Եկեղեցւոյ մէջ միշտ ալ եղած են փոքր խումբեր, որոնք հերձուածող մտքեր արտայայտած են… մենք պէտք է թողունք, որ անցնին… և դէպի առջեւ նայինք»:

 Արհեստական բանականութիւնը

Հարցազրոյցի նիւթ եղաւ նաեւ   արհեստական բանականութիւնը, որ նիւթը եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարուայ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ պատգամին, ակնարկելով անոր ընծայած հնարաւորութիւններուն ու նաեւ վտանգներուն, եթէ օգտագործուի չարաչար ու հակառակ բարոյականութեան։ Նպատակն է, որ «անիկա միշտ ներդաշնակ ըլլայ մարդու արժանապատուութեան հետ», այլապէս «ինքնասպանութիւն է», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ճամբորդութիւններ

Վստահեցնելով, թէ առողջութեամբ լաւ է եւ առ այժմ չի մտածեր հրաժարականի մասին, ակնարկելով Պելկիա, Թիմոր Էսթ եւ Փափուա Նոր Կինէայի ու Ինտոնեզիա կատարելիք ճամբորդութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արժանթինի ճամբորդութեան կարելիութեան, նշելով նաեւ, թէ ինք չէ վիրաւորուած Արժանթինի նախագահ Միլէյին խօսքերէն ու թէ յառաջիկայ օրերուն անոր հետ հանդիպումը նախատեսուած է, Արժանթինիցի «Mama Antula»ի սրբադասումէն անմիջապէս ետքը` որ նախատեսուած է 11 փետրուարին։

2013ի կարդինալական պապընտիր ժողովը

Յիշելէ ետք եկող տարի նշուող Մանուկներուն Համաշխարհային օրը Քահանայապետը անգամ մը եւս հաստատեց իր երազը` տեսնելու դէպի դուրս Եկեղեցի մը, ապա խօսեցաւ 11 տարիներ առաջ 2013ի կարդինալական պապընտիր ժողովէն առաջ պատահած դէպքերու մասին, ժողովը նախապատրաստող հաւաքներու ընթացքին։

«Երբ աւարտեցի իմ միջամտութիւնս բոլորն ալ ծափահարութեամբ ընկալեցին այդ մէկը, բայց ես երբեք չի մտածեցի այն բանի մասին որ հետագային շատեր ինծի ըսին. «Այս ճառը եղաւ իմ դատապարտումս»։ Եւ երբ Սիւնհոդոսի դահլիճէն դուրս կու գայինք, Անգլիացի կարդինալ մը ինծի ըսաւ թէ շատ գեղեցիկ էր ըսածս ու թէ «քեզ նման Պապի մը պէտք ունինք» յարեց Քահանայապետը աւելցնելով որ ինք չանդրադարձաւ ընտրապայքարին, որ կը կատարուէր զինք ընտրելու, մինչեւ 13 Մարտի կէսօրը, երբ կէսօրուայ ճաշի ժամանակ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ, մի քանիներ իրեն ուղղեցին «կասկածելի» հարցումներ եւ «այդ պահուն է որ սկսայ մտածել թէ տարօրինակ բան կը պատահի այստեղ», յարեց Սրբազան Պապը նշելով նաեւ` թէ երբ ընտրուեցաւ «իր մէջ կար խաղաղութեան զգացում»։

Մեծ Ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը խոստովանեցաւ նաեւ, թէ ինք ինքզինք կը զգայ ժողովրդապետ։ «Մեծ ժողովրդապետութեան մը ժողովրդապետը ու թէ իր փափաքն է պահպանել ժողովրդապետի հոգին, ապրիլ մարդոց մէջ, ուր միշտ Աստուած կը գտնեմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2024, 08:59