Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Քիեւի աւագ արքեպիսկոպոսին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պատերազմական գործողութիւնները, որոնք «հարուածեցին երկրի բնակչութեան եւ կենսական ենթակառոյցներուն անընդունելի ու վատ բաներ են եւ չէ կարելի ոչ մէկ ձեւով արդարացնել», այս տողերը Սրբազան Հայրը գրեց անցեալ 3 յունուարին, Քիեւի Աւագ արքեպիսկոպոս, Սվիաթոսլաւ Չեւչուքին ուղղած նամակին, որ արքեպիսկոպոսը իր կարգին անցեալ տարուան աւարտին նամակ մը գրած է սրբազան Հօր տեղեկացնելու համար անցեալ 29 դեկտեմբերին Ռուսիոյ հրթիռային յարձակումներու մասին։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը գրած է թէ կը փափաքի իր մօտիկութիւնը յայտնէ Ուքրանիոյ ժողովուրդին, կը ողբայ մեռեալներու համար՝ զանոնք յանձնելով Աստուծոյ ողորմութեան եւ կ՝ուզէ մխիթարել վիրաւորները ու կը ողջագուրէ տառապանքի մէջ գտնուող բոլոր անձերը։
Նորին Սրբութիւնը իր մօտիկութիւնը փոխանցած է նաեւ հոգեւոր հովիւներուն, որոնք ժողովուրդին մօտ կողքին են այն իրավիճակի մէջ որ միշտ աւելի յուսահատ կը թուի։
Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը իր ցաւը յայտնած է այն իրողութեան համար որ միջազգային գետնի վրայ վտանգուած է որ Ուքրանիոյ պատերազմը մոռցուի նշելով որ բոլորիս պարտականութիւնն է թոյլ չտալ որ այդ պատերազմը լռութեան մատնուի, ոչ թէ պարզապէս յիշելու համար ողբերգական արարքներ, այլ յատուկէն ներգրաւելու համար բոլոր անոնք որոնք պատասխանատուութիւն ունին ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքը՝ խաղաղ լուծումներու որոնումին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտած է խնդրելով Քիւեի արքեպիսկոպոսէն որ միշտ փոխանցէ Ուքրանիոյ լուրերը ինչպէս նաեւ յիշելով անցեալ 3 յունուարին, հրապարակային ունկնդրութենէն հատուած մը, «Պատերազմը միշտ խելագարութիւն է, պատերազմը միշտ պարտութիւնէ։ Նորին Սրբութիւն նամակին մէջ վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ կոչեր ընել, որպէսի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմները դադրին ու սկիզբ առնեն արդար խաղաղութեան համար ուղիները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ