Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն նամակը Քահանայապետին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Ացիոնէ Քաթթոլիքա Եկեղեցական շարժումի պատանիները մասնակցեցան «Խաղաղութեան Կարաւանին» ու իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին, մինչ աւանդութեան համաձայն այդ պատանիներէն երկու հոգի Մարեմեան Աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ կանգնած կարդացին անոր ու աշխարհին ուղղուած իրենց խաղաղութեան նամակն ու պատգամը, որուն մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.
«Ամէն տարուայ նման այս տարի եւս կը գտնուինք այստեղ` համայն քաղաքին ու աշխարհին աղաղակելու մեր Խաղաղութեան իղձը։
Այս օրերուն դժուար է մտածել խաղաղութեան, բազմաթիւ են պատերազմները, նաեւ մեզի մօտիկ, եւ կարծես ոչ մէկուն կը հետաքրքրէ խաղաղութիւնը։
Իսկ մենք կը փափաքինք խաղաղութեան կողմնակից ըլլալ, ջանալով մարել, ատելութեան եւ բռնութեան կրակը։
Մտածելով խաղաղութեան զայն գծագրեցինք, որպէս գեղեցիկ և փարթամ բոյս մը, մինչ պատերազմը նման է չոր և մերկ բուսի մը։ Այս մէկը մեզի կը յիշեցնէ, թէ աշխարհը Աստուծոյ պարգեւ է, պէտք չէ զայն կործանենք ատելութեամբ այլ պէտք է ծաղկեցնենք Յիսուսին սիրոյ պատգամը եւ կարելի չէ` որ գոյութիւն ունենայ Սէրը առանց Խաղաղութեան»։
«Սիրելի Պապ, այս տարուայ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներուն կարգախօսն է «Այս քու տունդ է», որովհետեւ մենք հասկցանք, թէ մեր տունը մեր մոլորակն է ու պէտք է բոլորս հոգ տանինք անոր» գրած են միշտ պատանիները իրենց նամակին մէջ նշելով նաեւ, թէ որոշած են այս տարի թիկունք կանգնիլ եւ աջակցիլ բնապահպանութեան հայող ծրագիրներու։
Պատանիները նամակը աւարտեցին Քահանայապետին հաւաստիացնելով` որ իրենք մշտապէս կ՛աղօթեն իրեն համար եւ իրենց սրտին խօսող վերեւ նշուած նիւթերուն համար։
«Քեզ կը սիրենք» եղաւ պատանիներուն եզրափակիչ խօսքը ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ