Սէրը պատնէշներ չունի։ Բազմաթիւ են մանուկները` որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 27 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Nolite Timere onlus» ընկերակցութեան անդամներուն, որուն նպատակն է աջակցիլ և խթանել Ռուանտայի Մպարիի «Cité des Jeunes Nazareth» հաստատութիւնը, ուր կը խնամուին Ռուանտացի մանուկներ։
«Cité des Jeunes Nazareth» կեդրոնը
«Cité des Jeunes Nazareth»-ը ծնունդ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով՝ նպատակ ունենալով օգնել Ռուանտայի 1994 թուականի սարսափելի ցեղասպանութենէն վերապրող երախաներուն, անոնց երաշխաւորելով համապատասխան կենսապայմաններ: «Cité»-ն կառուցուած է ճիշտ այնտեղ, ուր 1990 թուականի սեպտեմբերի 8-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը մատուցած էր Սուրբ պատարագը։
Գերապայծառ Սալվաթորէ Փեննաքիոն, որ մի քանի տարի ետք նշանակուեցաւ Ռուանտայի առաքելական նուիրակ, հին ընկերներու օգնութեամբ հիմնեց «Nolite Timere» ընկերակցութիւնը, որ կը զբաղի հեռահար աջակցութեամբ:
«Յոյս պարգեւենք վերսկսելու համար»
Ողջունելով ներկաները Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց չմոռնալ Ռուանտայի 1994 ցեղասպանութիւնը, «որպէսզի դարձեալ չի կրկնուի», ապա ակնարկեց ընկերակցութեան կարգախօսին «Յոյս պարգեւենք վերսկսելու համար», հաստատելով, որ «վերսկսիլը» շատ գեղեցիկ է ու «գեղեցիկ է` որ այդ մէկը «ապրեցաք «Cité»ին մէջ ընկալելով հարիւրաւոր մանուկներ, ու հեռահար աջակցութեամբ», ըսաւ Ան մատնանշելով նաեւ «Cité»ի զինանշանին վրայ պատկերուած ռուանտական զամբիւղին, որ «համերաշխութեան և կիսուելու խորհրդանիշ է» ու կը յիշեցնէ «թէ սէրը պատնէշներ չունի» ըսաւ ի միջի ալոց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Կամաւորութիւնը ընտրանք` որ մեզ կը դարձնէ բաց միւսին կարիքներուն
Ան շեշտեց հուսկ «կամաւորութեան» կարեւորութիւնը ակնարկելով գործունէութեան, զոր կը կատարուի մանուկներուն վերապարգեւելու համար ժպիտ ու ապագայի համար յոյս, նկատել տալով որ «պատերազմներն ու զէնքերը մանուկներէն կը խլեն ժպիտն ու ապագան, եւ այս մէկը ողբերգական է»։
«Կամաւորութիւնը ծառայութիւն մատուցելէ կամ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելն աւելին է» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ ան «ընտրանք մըն է, որ մեզ կը դարձնէ բաց միւսին կարիքներուն... ու մեզ կը դարձնէ ողորմութեան արհեստաւորներ` ձեռքերով, աչքերով, ուշադիր ականջներով ու մերձեցումով» (Աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզ` 2022ի դեկտեմբեր ամսուայ համար):
Ասղօթել` որպէսզի դադրին բռնութիւններն ու պատերազմները
Քահանայապետը հուսկ Խաղաղութեան Թագուհիի հովանիին յանձնեց անոնց աշխատանքը ապա հրաւիրեց աղօթելու` «որպէսզի դադրին աշխարհի մէջ բռնութիւնները եւ հակամարտութիւնները, որոնց պատճառաւ դժբախտաբար բազմաթիւ մանուկներ կը շարունակեն տառապիլ, չարաշահուիլ ու մեռնիլ։ Զօրեղ կերպով արձագանք դառնանք Սուրբ Պօղոս Զի խօսքերուն. «Ոչ երբեք պատերազմ։ Ոչ երբեք» (Խօսք ՄԱԿ-ի մէջ, 4 հոկտեմբերի 1965 թ.), ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնները ու խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ