Հիւանդներու համաշխարհային 32րդ օր` «Լաւ չէ` որ մարդը մինակ մնայ. Հիւանդները դարմանել խնամելով յարաբերութիւնները»։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Յառաջիկայ 11 Փետրուար 2024 ին կը յիշատակուի Հիւանդներու Համաշխարհային 32րդ օրը եւ այս առիթով այսօր` 13 Յունուար 2024ին հրատարակուեցաւ այդ օրուան նուիրուած Քահանայապետին 10 Յունուար թուակիր պատգամը, որուն բնաբանը քաղուած է Ծննդոց գիրքէն (2,18) «Լաւ չէ` որ մարդը մինակ մնայ» եւ աւելցուած «Հիւանդները դարմանել խնամելով յարաբերութիւնները»։
Կոչուած ենք ըլլալու իրար հետ ոչ թէ առանձին
Պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը կը հաստատէ` որ «Աստուած` որ սէր է, մարդ արարածը ի սկզբանէ ստեղծեց հաղորդութեան համար, անոր էութեան մէջ մակագրելով յարաբերութիւններու չափանիշը»։ Ուստի, նկատել կու տայ Քահանայապետը, «մեր կեանքը` որ ձեւաւորուած է Երրորդութեան պատկերին համաձայն, կոչուած է ինքզինք լիովին իրականացնելու յարաբերութիւններու, ընկերութեան և փոխադարձ սիրոյ շարժականութեան մէջ։ Կանչուած ենք ըլլալու իրար հետ ոչ թէ մինակ...եւ առանձնութեան ու լքումի փորձառութիւնը մեզի վախ կը պատճառէ ու ցաւալի եւ նոյնիսկ տմարդկային կը թուայ։ Եւ այս մէկը աւելիով այդպէս կը յայտնուի, դիւրաբեկութեան, անորոշութեան և անապահովութեան պահերուն, որոնց պատճառը յաճախ լուրջ հիւանդութեան մը յայտնաբերումն է» կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ մտաբերելով Քովիտ19 վարակի ժամանակ հիւանդները, ու նաեւ հիւանդապահները, բժիշկները ու անոնց համագործակիցները ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք ստիպուած եղան մահը դիմագրաւել առանձնութեան մէջ հեռու իրենց ընտանիքներէն։
Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պատերազմի պատճառաւ կ՛ապրին առանձնութիւնն ու տառապանքը հաստատելով որ «պատերազմը ընկերային ամենասարսափելի հիւանդութիւններէն մին է ու անոր ամենասուղ գինը կը վճարեն դիւրաբեկ անձերը»։
Անհատականութեան մշակոյթին հետեւանքները
Քահանայապետը հուսկ նկատել կու տայ` թէ նոյնիսկ խաղաղ ու բարգաւաճ երկիրներու մէջ ծերութիւնն ու հիւանդութիւնները յաճախ ապրուած են մինակութեան ու շատ անգամ լքուածութեան մէջ, տխուր նկատելով այս երեւոյթը, որ հետեւանքն է «անհատականութեան մշակոյթին»... ուր «անհատները չեն նկատուած առաջնային արժէք մը, զոր պէտք է յարգել ու պաշտպանել» մասնաւորապէս եթէ անոնք աւելիով տկար ու դիւրաբեկ են։
«Ցաւօք, այս տրամաբանութիւնը ներթափանցած է նաև որոշակի քաղաքական ընտրութիւններուն մէջ, որոնք կարող չեն որպէս կենտրոն ընտրել մարդու արժանապատուութիւնը և անոր կարիքները, և որոնք միշտ չէ, որ կը խթանեն ռազմավարութիւններ և կենսամիջոցներ, իւրաքանչիւր անհատին երաշխաւորելու համար առողջութեան և խնամքի հասանելիութեան հիմնարար իրաւունքը» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով նաեւ «դարմանախնաքի դաշինքի» մը անհրաժեշտութիւնը բժշկի, հիւանդի և ընտանիքի անդամին միջև։
Լաւ չէ որ մարդս մինակ ըլլայ
Աստուած ստեղծագործութեան սկիզբը արտասանեց «Լաւ չէ որ մարդս մինակ ըլլայ» խօսքը մեզի բացայայտելով մարդկութեան վերապահած իր ծրագիրը ու միաժամանակ մեղքին մահացու վէրքը, որ մուտք կը գործէ յառաջացնելով կասկածներ, բաժանումներ եւ կղզիացում։
«Անիկա կը հարուածէ անձը իր բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ, Աստուծոյ, ինքնիր, միւսին ու արարչութեան յարաբերութիւններուն մէջ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ այս կղզիացումը մեզի կորսնցնել կու տայ գոյութեան իմաստը, մեզմէ կը խլէ սիրոյ ուրախութիւնը ու մեզի փորձարկել կու տայ առանձնութեան ճնշող զգացում մը»։
Մօտիկութեան, կարեկցութեան ու քնքշութեան խնամքը
Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը կը նշէ` թէ «առաջին խնամքը, որուն կարիքը ունինք հիւանդութեան պահուն` մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնն ու քնքշութիւնն է։ Ասոր համար, հոգ տանիլ հիւանդին կը նշանակէ ամէնէն առաջ հոգ տանիլ անոր յարաբերութիւններուն...եւ այս մէկը կարելի է, ու բոլորս կոչուած ենք յանձնառու ըլլալու, որպէսզի այս մէկը իրականանայ» կը հաստատէ Քահանայապետը ակնարկելով Բարի Սամարացիի տիպարին ու ասկէ մեկնելով կը յիշեցնէ կեանքի կեդրոնական իրականութիւն մը. «մենք աշխարհ եկած ենք որովհետև մէկ մը մեզ ընկալեց, մենք ստեղծուած ենք սիրոյ համար, կանչուած ենք հաղորդութեան և եղբայրութեան: Այս մեր էութեան չափանիշը մեզի թիկունք կը կանգնի յատկապէս մեր հիւանդութեան ու դիւրաբեկութեան պահուն եւ առաջին դարմանումի ընթացքն է` որ բոլոր միասին պէտք է որդեգրենք բուժելու համար ընկերութիւններուն հիւանդութիւնները»։
Դանդաղեցնել ընթացքը
Պատգամի աւարտին Քահանայապետը խօսքը կ՛ուղղէ անոնց` որոնք այսօր կ՛ապրին հիւանդութեան փորձառութիւնը հրաւիրելով զանոնք չամչնալու արտայայտելէ իրենց մօտիկութեան ու քնքշութեան իղձը, չթաքցնելու զայն կարծելով որ ծանրութիւն են ուրիշներուն համար։ «Հիւանդութեան պայմանը բոլորին հրաւէր կ՛ուղղէ դանդաղեցնելու զայրացած «զարկերը» որոնց մէջ ընկղմած ենք և վերագտնելու մենք զմեզ» կը յորդորէ Նորին Սրբութիւնը։
Մենք կոչուած ենք որդեգրելու Յիսուսին կարեկցող հայեացքը...խնամք տանինք անոր` որ կը տառապի եւ մինակ է… եւ փոխադարձ սիրով, զոր Քրիստոս մեզի կը պարգեւէ աղօթքին մէջ, մասնաւորապէս Սուրբ հաղորդութեան մէջ, խնամենք առանձնութեան ու կղզիացումի վէրքերը։ Համագործակցինք հակազդելու անհատապաշտութեան, անտարբերութեան ու լքումի մշակոյթին, աճեցնելով քնքշութեան ու կարեկցութեան մշակոյթը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2024ի հիւանդներու համաշխարհային օրուայ պատգամին վերջին յորդորը։
Հիւանդները Եկեղեցւոյ սիրտ
Ան ապա կը հաստատէ` որ «հիւանդները, դիւրաբեկները եւ աղքատները Եկեղեցւոյ սրտին մէջ են ու պէտք է ըլլան մեր ուշադրութեան կեդրոնը, ըլլայ մարդկային ըլլայ հովուական գետնի վրայ»։ Նորին Արբութիւնը պատգամը կ՛աւարտէ դիմելով Սուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի բարեխօսէ մեցի համար ու մեզ օգնէ դառնալու մօտիկութեան ու եղբայրական յարաբերութիւններու արհեստաւորներ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ