Որոնել

Ordine Malta:udienza Papa apre terza giornata forum ambasciatori

«Խթանել Աստուծոյ Փառքը և անդամներու սրբացումը, հաւատքի պաշտպանութեան եւ աղքատներու յարգանքի միջոցաւ»

Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի եւ Ռոտոսի Երուսաղէմի Սուրբ Յովհաննէսի Ինքնիշխան Զինուորական Հիւանդանոցային Ուխտի դեսպաններուն եւ Ուխտի վերնախաւի անդամներուն
Ունկնդրէ այս ու Քահանայապետի հանդիպումներուն վերաբերող միւս լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 27 Յունուար 2024 ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Մալթայի եւ Ռոտոսի Երուսաղէմի Սուրբ Յովհաննէսի Ինքնիշխան Զինուորական Հիւանդանոցային Ուխտի դեսպաններուն եւ Ուխտի վերնախաւի անդամներուն եւ այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ակնարկեց Ուխտի դարաւոր գործունէութեան, ծառայելով Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ, եւ ի գործ դնելով Ուխտին հիմնադիր` Երանելի Ճերարտոյի կողմէ հաստատուած նպատակները. «Խթանել Աստուծոյ փառքը և անդամներու սրբացումը, հաւատքի պաշտպանութեան եւ աղքատներու յարգանքի միջոցաւ» (Սահմանադրութիւն յօդուած 2 §1)։

Հաւատքի պաշտպանութիւն եւ աղքատներու յարգանք

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, թէ ինչպէս Ուխտին անդամները հիւանդները կը կոչեն «պարոն հիւանդներ» ու թէ «անոնց ծառայելով կը ծառայեն Յիսուսին»։

«Հաւատքին պաշտպանութիւնը եւ աղքատներու յարգանքը կարելի չէ իրարմէ բաժնել եւ երբ մօտենանք վերջիններուն, հիւանդներուն ու տառապողներուն, յիշենք թէ մեր ըրածը նշան է Յիսուսին քնքշութեան ու կարեկցութեան» յարեց ապա Քահանայապետը նկատել տալով որ անոնց գործը միայն մարդասիրական չէ այլ է նաեւ կրօնական, որ «Աստուած կը փառաբանէ ծառայելով աւելիով տկարներուն ու կը վկայէ Տիրոջ անոնց նկատմամբ ունեցած նախապատւութիւնը»։

Ուխտի դիւանագիտական գործունէութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը այս ծիրին մէջ ներառեց նաեւ Ուխտի դիւանագիտական գործունէութիւնը, աշխարհի 113 երկիրներու մէջ ու Միջազգային Մարմիններու մօտ 37 առաքելութիւններով հաստատելով, որ այդ գործունէութիւնը «կրօնական Ուխտի մը գործունէութիւնն է» որուն նպատակն է Աստուծոյ սիրոյ վկայութիւնը հանդէպ կարիքաւորներուն։

Ձերը ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը «Սուրբ Աթոռէն վաւերացուած կրօնական Ուխտ մըն է», որ «կախեալ է Սուրբ Աթոռէն», այս ուղղութեամբ շատ կարեւոր նկատելով Ուխտի դիւանագիտական ներկայացուցիչին ու Քահանայապետական Պատուիրակին միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, «միասնական աշխատանք ի բարօրութիւն Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան» յարեց Ան, ընդգծելով նաեւ, թէ «Մալթայի Ուխտին Սուրբ Աթոռէն կախուածութիւնը չի սահմաներ անոր եւ անոր դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կարեւորութիւնը, այլ ընդհակառակը ան հասկնալ կու տայ անոնց լիարժէք իմաստը, որպէս Ուխտի առաքելական-բարեգործական գործունութեան ուղիներ, բաց և առատաձեռն յատկապէս այնտեղ, ուր կայ աւելի մեծ կարիք»։

Եկեղեցական առաքելութիւն որ օրինակ հանդիսանայ միւսներուն

«Դիւանագիտական​​ ներկայացուցիչը Ուխտի խարիզմի կրողն է, որով ան կոչուած է իրականացնելու եկեղեցական առաքելութեան իր դերը։ Ձեր դիւանագիտութեան այս իւրայատկութիւնը... թանկարժէք վկայութիւն է, խօսուն նշան է նաև միւս դեսպաններուն համար, որպէսզի անոնց գործունութիւնը եւս ուղղուած ըլլայ ժողովրդի գործնական բարօրութեան և բարձր գնահատէ աւելով տկարները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառին աւարտին բոլոր ներկաներուն վրայ հայցելով Սուրբ Կոյսին հովանին եւ անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2024, 10:29