2024.01.27 Cresimandi della Diocesi di Bari

Աղօթք, վկայութիւն եւ սէր. Յիշեցէք եւ տօնախմբեցէք ձեր Մկրտութեան օրը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց Պարի-Պիթոնթօ Թեմին Դրոշմի խորհուրդին պատրաստուող պատանիները խրախուսելով զանոնք դառնալու Յիսուսին հետ ապրելու գեղեցկութեան վկաները
Ունկնդրէ այս ու Քահանայապետի հանդիպումներուն վերաբերող միւս լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Շաբաթ 27 Յունուարի օրակարգին մաս կազմեց նաեւ Անոր հանդիպումը Պարի Պիթոնթօ Թեմին Դրոշմի Խորհուրդին պատրաստուող պատանիներուն հետ, որ տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տրուած ըլլալով) որ անոնց թիւը կը գերազանցեր եօթը հազարը։

Յիշել մկրտութեան թուականը

Ողջունելէ ետք տեղւոյն եպիսկոպոսը, ծնողներն ու կրօնուսոյցները Քահանայապետը խօսքը ուղղեց պատանիներուն բացատրելով, որ Դրոշմի Խորհուրդը հաստատում մըն է, Մկրտութեան Խորհուրդի պարգեւին ու ասկէ մեկնելով ներկաներուն հարց տուաւ եթէ կը յիշեն իրենց մկրտութեան թուականը, հրաւիրելով նաեւ զայն արձանագրել իրենց մտքին մէջ, ու ամէն տարի տօնախմբել որպէս երկրորդ տարեդարձ մը։

«Այդ օրը, շատ կարեւոր է, մենք ծնանք քրիստոնէական կեանքին մէջ, Յիսուսին մէջ կեանքին, որ կը տեւէ առ յաւէտ ու մաս կազմեցինք Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ու Սուրբ Հոգին եկաւ բնակելու մեր մէջ ու մեզ երբեք չի լքեր, ապա ընդունեցանք ամենամեծ ժառանգութիւնը` Դրախտը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մտածել մկրտութեան այս մեծ պարգեւի մասին։

Դրոշմի Խորհուրդը` հաստատում

Ան ապա ակնարկեց Դրոշմի Խորհուրդին, որուն միջոցաւ Մկրտութեան շնորհքները կը հաստատուին` «Նախ եւ առաջ Սուրբ Հոգիէն, որ մեզ կը նորոգէ իր շնորհքներով, ապա Եկեղեցիէն, որ մեզի կը յանձնէ Յիսուսը ու անոր Աւետարանը հռչակելու պարտականութիւնը, հուսկ նաեւ մեզմէ, որ կ՛ընդունինք այդ առաքելութիւնը` որպէս անձնական յանձնառում, ըլլալու դերակատարներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ներկաներուն, որպէս տիպար ներկայացուց Երանելի Քարլօ Աքութիը` 15 տարեկանին մահացած պատանին, որ սիրահարուած էր Յիսուսով եւ իր կեանքը նուիրեց զայն ճանչցնելու ուրիշներուն։

Աղօթք, վկայութիւն եւ սէր

Քարլօ Աքութիսին տիպարէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը պատանիներուն յանձնեց պատգամ մը` Աղօթք, վկայութիւն եւ սէր ու հրաւիրեց որ երթան Յիսուսին մօտ, հանդիպին անոր աղօթքին մէջ, «Յիսուս` որ մեզ կը սիրէ ու մեզ կը սպասէ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները միասնաբար կրկնելու այս նախադասութիւնը` «Յիսուս, որ մեզ կը սիրէ ու մեզ կը սպասէ», եւ «այս ըրէք ոչ միայն խօսքով այլ նաեւ սիրոյ արարքներուն, օգնելով միւսները, յատկապէս անոնք որոնք կարիքաւոր են» աւելցուց Քահանայապետը ապա բոլորին մաղթեց բարի երթ ու թելադրեց ըլլալ վկաները` «Յիսուսին հետ ապրելու գեղեցկութեան», ապա նախ քան իր օրհնութիւնը շնորհելը, հրաւիրեց միասին աղօթել «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2024, 12:02