Որոնել

Հայր Լորէնցօ Միլանին ու իր աշակերտները Հայր Լորէնցօ Միլանին ու իր աշակերտները  (Archivio della Fondazione don Lorenzo Milani)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ոչ մէկը բացառել, հայր Լորէնցօ Միլանիի ժառանգութիւնը»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայր Լորենցօ Միլանիի ծննդեան հարիւր ամեակի առթիւ կազմուած կոմիտէի անդամները ու անոնց ուղղած պատգամին մէջ խօսքը կեդրոնացուց հայր Միլաննի կեանքին կարեւոր կէտի վրայ, դարձի գալը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայր Լորենցօ Միլանիի ծննդեան հարիւր ամեակի առթիւ կազմուած կոմիտէի անդամները ու այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Իր խօսքը կեդրոնացուց Հայր Միլանիի կեանքի կարեւոր յատկութեան վրայ, «դարձի գալը»։ «Հայր Միլանիի դարձի գալը Անոր մարդկային եւ հոգեւորական կեանքի փորձառութեան սիրտը հանդիսացաւ ու զայն ապրեցաւ որպէս հաւատացեալ, եկեղեցւոյ սիրահարուած քահանայ, Աւետարանի հաւատարիմ ծառայող՝ աղքատներուն», ըսաւ Ան։

Սրբազան հայրը ապա շարունակելով զրուցել հայր Միլանիին հոգեւոր կեանքի մասին ըսաւ «Երանի անոնց որոնք անօթի են եւ արդարութեան ծարաւը ունին» Հայր Միլանին այս երանութիւնը ապրեցաւ իր ժողովուրդին եւ աշակերտներուն հետ... Հայր Լորէնցօ ինքնիրեն հարց տուաւ, թէ ինչպէս եկեղեցին կրնայ նշանակելից դառնալ եւ ազդեցութիւն ունենայ, որպէսզի աղքատները աւելի ետ չմնան։ Ան իմաստութեամբ եւ սէրով պատասխանը գտաւ կրթութեան մէջ, դպրոցի օրինակի միջոցաւ, այսինքն գիտելիքը ծառայութեան տակն դնել անոնց որոնք ուրիշներուն համար վերջիններն են՝ Իրեն ու Աւետարանին համար առաջինները» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց Հայր Միլանիին հրաւէրը՝ անտարբեր չմնալու, իրականութիւնը մեկնաբանելու, գտնելու նոր աղքատներն ու նոր աղքատութիւնները, մօտենալու բոլոր բացառուածներուն ու անոնց սիրտով, հոգւով հոգ տանելու, ու իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ասոր մէջ պէտք որ իր բաժինը կատարէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ Հայր Միլանիի փորձառութիւնը կարելի է կարդալ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերով զոր օգտագործեց նկարագրելու համար մարտիրոսի դիմագիծը «Մարտիրոսը գիտէ, որ Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպման մէջ գտաւ  իր կեանքին ճշմարտութիւնը եւ ոչ մէկը կրնայ այդ վստահութիւնը իրմէ խլել, Ո՛չ տառապանքը, ո՛չ բռնի մահը պիտի կարենան ստիպել անոր մերժելու այն ճշմարտութիւնը, որ բացայայտեց Քրիստոսի հետ հանդիպումին մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց մատնանշելով, «Բոլորս Հոս կը գտնուինք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Հայր Լորենցօ Միլանիին, Տիրոջ եւ եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծառային այն վկայութեան համար, որ մեզի փոխանցեց որպէս դժուար ժառանգութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց, Հայր Միլանիի ծննդեան հարիւր ամեակի առթիւ,, կոմիտէի անդամներուն կատարած աշխատանքներուն համար, ապա իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 10:49