Յայտնի բեմավար Մարթին Սոքրսեզէին հանդիպումը Քահանայապետին հետ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալա-ամերիկացի 81 ամեայ յայտնի ու աշխարհահռչակ բեմավար Մարթին Սքորսեզէ, այսօր 31 Յունուար 2024ի առաւօտեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան եւ նախ քան ունկնդրութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, Պօղոս Զ անուան դահլիճի կողքին գտնուող Քահանայապետի գրասենեակին մէջ։
Սքորսեզէն այս օրերուն կը պատրաստէ Յիսուսի մասին ֆիլմ մը, որուն կիզակէտը պիտի ըլլայ Քրիստոսին քարոզութիւնը, ինչպէս յայտնած էր նոյնինքն Բեմավարը նշելով նաեւ, թէ այդ գաղափարի ներշնչումը եկած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Անոր արուեստի աշխարհին ուղղած կոչէն եւ ես «պատասխանեցի միակ ձեւով, որ գիտեմ. Երեւակայելով եւ շարադրելով Յիսուսի մասին ֆիլմի մը բնագիրը» յայտնած էր ամերիկացի լրագրողներուն Սքորսեզէն։
Քահանայապետի եւ Ամերիկացի յայտնի բեմադրիչին միջեւ հանդիպումները սկսած են 21 հոկտեմբեր 2019ին։ Անոնք ապա վիրթուալ կերպով իրար հանդիպեցան «Stories of a Generation con Papa Francesco» Netflixի մէկ արտադրութեան մէջ, ապա 2023 մայիսին եանոնք դարձեալ հանդիպեցան Վատիկանի մէջ «Georgetown University» ի եւ «La Civiltà Cattolica» Յիսուսեաններու պարբերաթերթի միատեղ կազմակերպած գիտաժողովին առիթով։
Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մարթին Սոքրսեզէին կը միացնէ անոնց «Տովսթոեւսքիին» նկատմամբ սէրը։ 2020 թուականին բեմավարը Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի տնօրէն` Անտրէա Մոնտայի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր. «երբ Ֆրանչիսկոս Պապին մտածեմ, միտքս եկող առաջին բառը կարեկցութիւն է։ Երբ կը կարդաս Քահանայապետին խօսքերը հոն քեզ կը գտնես դէմ յանդիման անոր հետ ու կ՛անդրադառնաս, թէ ան մարդ մըն է, որ կը տեսնէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հիմքը … Կաթողիկէ Եկեղեցին արդարեւ նախ եւ առաջ հոգեւոր խնդիր է։ Այս է անոր հիմքը` ի գործ դնել ու հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին։ ...ինծի համար Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնութիւն է ու նաեւ օրհնութիւն է որ ես անոր հանդիպեցայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ