Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ինչպէ՞ս կարելի է, որ տակաւին սով, շահագործում եւ անգրագիտութիւն կը տիրէ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
15էն-19 յունուար 2024ին, Զուիցերիոյ Տավոս քաղաքին մէջ կը գումարուի համաշխարհային տնտեսական ժողովը։ Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատգամը մը ուղղեց յիշեալ ժողովին գործադիր նախագահ, Փրոֆ Klaus Schwabին։
Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ համաշխարհային տնտեսական ժողովը կը գումարուի միջազգային գետնի վրայ մտահոգիչ եւ անկայուն միջավայրի մէջ ու ժողովին նպատակն է զօրացնել քաղաքական կամքը եւ համագործակցութիւնը եւ ժողովը կարեւոր առիթ է բազմաթիւ շահագրգիռ կողմերու ներգրաւման համար՝ աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու նորարական եւ արդիւնաւէտ ուղիներ։
Նորին Սրբութիւն իր յոյսը յայտնեց, որ ժողովի բանավէճերը հաշուի առնեն խումբերու, հասարակութիւններու, պետութիւններու միջեւ ընկերային համախմբուածութիւնը, եղբայրութիւնը ու հաշտեցումը խթանելու համար մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու համար հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ գրեց։ Սրբազան Հայրը
Ակնարկելով ապա աշխարհի մէջ տարածուած պատերազմներուն, որոնց պատճառաւ կը տառապին միլիոնաւոր մարդիկ Նորին Սրբութիւնը գրեց որ« խաղաղութիւնը որուն կը ձգտի աշխարհի ժողովուրդները, կրնայ ըլլալ միայն արդարութեան պտուղը (Եսայ 32, 17) հրաւիրելով պայքարելու անարդարութիւններուն դէմ ընդգծելով, որ անոնք պատերազմի պատճառներ են։
Մարտահրաւէրներու շարքին նորին Սրբութիւնը նշեց անօթութիւնը, որ կը շարունակէ տառապեցնել աշխարհի համայն մարզերը, բնական հարստութիւններուն շահագործումը, որ կը հարստացնէ քիչ մարդիկ, այդ մարդոց եւ կանանց եւ անչափահասներուն շահագործումը, որ կ՝աշխատին քիչ աշխատավարձով զրկուած անձնական յառաջդիմութեան եւ մասնագիտական աճի իրական հեռանկարներէն։
Նորին Սրբութիւն անդրադարձաւ համաշխարհայնացումի գործընթացին ընդգծելով,որ «պատերազմով, բռնութեամբ, սպառնացող աշխարհի մէջ էական է որ պետութիւնները եւ ընկերութիւնները միաւորուին խթանելու համար հեռատես եւ բարոյապէս առողջ համաշխարհայնացումի տիպարներ, որ իրենց բնոյթին մէջ պէտք են ներառեն իշխանութեան եւ անհատական շահի փնտռտուքի ենթակայումը ու ան ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական ի նպաստ մեր մարդկային ընտանիքին ընդհանուր բարիքին, առաջնահերթութիւն տալով աղքատներուն, կարիքաւորներուն, ու բոլոր անոնց որոնք կը գտնուի աւելի խոցելի իրավիճակներուն մէջ։
Միաժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց միջազգային քաղաքականութեան գործողութիւններուն յստակ անհրաժեշտութիւնը, որ համակարգուած միջոցներուն որդեգրումով կարող է արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել համաշխարհային խաղաղութեան եւ հարազատ զարգացման նպատակները։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց վստահեցնելով, որ այս տարուայ ժողովին մասնակիցները գիտակից ըլլան իւրաքանչիւրիս բարոյական պատասխանատու թեան, աղքատութեան դէմ պայքարի, ողջ եղբայրներու եւ քոյրերու համապարփակ զարգացման հաստատումի եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութեան որոնումին մէջ
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց իր բարի մաղթանքները յայտնելով Ժողովի քննարկումներու համար ու ուրախութեամբ հայցելով ժողովի մասնակցիներուն վրայ Աստուածային առատ օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ