Որոնել

TOPSHOT-UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Պատերազմը մարդկութեան ժխտում է, կը պաղատիմ թող վերջ դրուի հակամարտութիւններուն

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նախ յիշեց յառաջիկայ 27 Յունուարին Հրեաներու Ողջակիզումի միջազգային օրը, եւ անցեալ դարու առաջին կէսին տեղի ունեցած միլիոնաւոր հրեայ և այլ հաւատքի մարդոց սարսափելի բնաջնջման յիշատակը, հուսկ դարձեալ կոչ ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Յառաջիկայ 27 Յունուարին կը յիշատակուի Հրեաներու Ողջակիզումի միջազգային օրը։ Թող անցեալ դարու առաջին կէսին տեղի ունեցած միլիոնաւոր հրեայ և այլ հաւատքի մարդոց այդ սարսափելի բնաջնջման յիշատակն ու դատապարտումը օգնէ բոլորին չմոռանալու, թէ կարելի չէ երբեք արդարացնել ատելութեան եւ բռնութեան տրամաբանութիւնը, քանի որ անոնք կը հերքեն նոյնինքն մեր մարդկայնութիւնը»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 24 Մայիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին կոչ ուղղելով նաեւ ի նպաստ հակամարտութիւններու դադրեցումին։

Չմոռանանք՝ պատերազմը միշտ պարտութիւն է

«Նոյնինքն պատերազմը հերքում է մարդկութեան։ Երբեք չյոգնինք աղօթելու խաղաղութեան համար, որպէսզի դադրին հակամարտութիւնները, որպէսզի կանգ առնեն զէնքերը եւ օգնութիւն մատուցուի հիւծուած ժողովուրդներուն» աւելցուց Ան մտաբերելով Միջին Արեւելքը, Պաղեստինը, Իսրայէլը..., «կը մտածեմ տանջուած Ուքրանիայէն եկող անհանգստացնող լուրերու մասին, յատկապէս այն ռմբակոծումներու մասին, որոնք կը հարուածեն խաղաղ բնակիչներու կողմէ յաճախուած վայրերը՝ սերմանելով մահ, աւերածութիւններ և տառապանքներ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը իր աղօթքը ապահովեցնելով զոհերուն և անոնց սիրելիներուն համար և «բոլորէն ու յատկապէս քաղաքական պատասխանատուութիւն կրողներէն պահանջեց` «պաշտպանել մարդկային կեանքը՝ վերջ տալով պատերազմներուն»։

«Չմոռանանք՝ պատերազմը միշտ պարտութիւն է, միշտ։ Միակ «յաղթողները»՝ չակերտներու մէջ, զէնք արտադրողներն են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2024, 11:05