Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմներն ու ճգնաժամերը ծանր մթնոլորտ կը ստեղծեն, պէտք է յամառօրէն աղօթել»

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը գրող «Աղօթել այսօր» վերնագիրով կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիին գիրքին նախաբանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 23 յունուարին, «Avvenire» օրաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող «Աղօթել այսօր» վերնագիրով կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիին գիրքին մէջ ամփոփուած նախաբանը։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը նշեց, որ աղօթքը հաւատքի շունչն է։ Աղօթքը աղերս է, որ կը յառաջ կու գայ այն անձէն, որ Աստուծոյ կը հաւատայ ու կը վստահի։

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ դիւրին չէ բառեր գտնել բացատրելու համար աղօթքի խորհուրդը ու բազմաթիւ են սուրբերէն եւ հոգեւորականութեան վարդապետներէն, ինչպէս նաեւ Աստուածաբանական մտորումներէն քաղուած աղօթքի բացատրութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ, որ Տէրը մեզի կը զգուշացնէ, թէ երբ կ՝աղօթենք պէտք չենք խօսքեր վատնել ու մեզի կը սորվեցնէ ընտրելու լռութիւնը ու Հօր վստահելու, որ գիտէ այն բոլոր բաները որոնց մենք կարիքը ունինք, նախ քան որ մենք խնդրենք, (Մատթ 6,7-8)։

Նախաբանին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ, թէ կը գտնուինք Յոբելինական սուրբ տարուան սեմին ու թէ անհրաժեշտ է լաւ պատրաստուիլ եկեղեցւոյ կեանքին համար այսքան շատ կարեւոր միջոցառումին, աղօթքի միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՝անդրադառնայ 2023 տարուան նշելով, որ 2023 տարին նուիրուեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի ուսուցումներoun, յատուկէն Տիեզերական ժողովին չորս սահմանադրութիւններուն մէջ ներառուած տասը պարունակութիւնները բացայայտելու, ձեւ մը կենդանի պահելու այն ինչ, որ մեր ձեռքերուն յանձնեցին ժողովի մէջ գտնուող հայրերը։

Ան ապա կը նշէ, թէ 2024 թուականը ամբողջութեամբ կը նուիրուի աղօթքին, նկատել տալով, որ մեր ժամանակաշրջանին մէջ միշտ առ աւելի կը զգացուի իսկական հոգեւորականութեան կարիքը, որ ընդունակ է պատասխանելու մեր կեանքին մէջ ամենէն մեծ հարցերուն, հրահրուած նաեւ համաշխարհային թատերաբեմէն, որոնց շարքին բնապահպանական, տնտեսական, ընկերային ճգնաժամը՝ ծանրաբեռնուած վերջին համաճարակէն, պատերազմները, յատուկէն Ուքրանիոյ մէջ, որ մահ, աւերուածութիւն եւ աղքատութիւն կը ցանեն, երեւոյթներ որոնք կը նպաստեն ծանր մթնոլորտի ստեղծման, որ շատ մը մարդոց արգելք կը հանդիսանան ուրախութեան եւ հանգստութեան մէջ ապրելու։

Քահանայապետը կը շեշտէ, որ կարիքը ունինք մեր աղօթքը աւելի մեծ ուժով բարձրացնելու դէպի Հայրը, որպէսզի Ան լսէ բոլոր անոնց ձայնը, որ Իրեն կը դիմեն։

Ան կը նշէ նաեւ, որ այս տարուան մէջ հրաւիրուած ենք աւելի հեզ դառնալու եւ տեղ տալու աղօթքին, որ կը բխի սուրբ Հոգիէն ու  թէ Սուրբ Հոգին է, որ գիտէ մեր սիրտերուն եւ շրթունքներուն վրայ դնել ուղիղ բառերը, որպէսի Հայրը լսէ զանոնք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ ինք վստահ է, որ Եպիսկոպոսները, քահանաները, սարկաւագները, քրիստոնէականի աշակերտները այս տարուան մէջ պիտի գտնեն ամենէն յարմար ձեւերը աղօթքը զետեղելու յոյսի աւետումի հիման վրայ որ 2025 յոբելինական տարին մտադիր է արձագանգելու այս դժուար ժամանակաշրջանին։

Նորին Սրբութիւն  կը մաղթէ, որ աշխարհի մէջ բոլոր սրբավայրերու, աղօթավայրերու մէջ բազմապատկուին միջոցառումները, որպէսզի իւրաքանչիւր ուխտաւոր կարենայ հանգստութեան ովասիս մը գտնել այնտեղ ու այնտեղէն վերադառնայ մխիթարութեամբ լի սիրտով մը։

Սրբազան Հայրը նախաբանը կ՛աւարտէ ակնարկելով` թէ Աղօթքի Տարուան առիթով պատրաստուած են որոշ ուղեցոյցներ, որոնք կարող են մեզ ներմուծել աղօթքի տարբեր չափանիշերուն մէջ եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ուղեցոյցներու հեղինակներուն եւ կը խնդրէ չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 11:41