Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ  "Athletica Vaticana" Վատիկանի մարզիկներուն ընկերակցութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ "Athletica Vaticana" Վատիկանի մարզիկներուն ընկերակցութիւնը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարզանքը կը քանդէ պատնէշները , նեռարում եւ եղբայրութիւն կը սորվեցնէ»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Athletica Vaticana» Վատիկանի մարզիկներու ընկերակցութեան անդամներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 13 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի «Athletica Vaticana» մարզական ընկերակցութեան անդամներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները, ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ կրթութեան համար վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Տէ Մենոնքայի։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց խաղի դաշտերուն, փողոցներու, վազք ուղիներուն մէջ մարզիկներուն տուած Քրիստոնէական վկայութիւնը՝ մարզանքի աշխարհէն ներս, որ «այսօր կը կազմէ մշակութային ամենատարածուած արտայայտութիւնը, այն պայմանով որ միշտ պահպանէ մարզանքը պաշտպանող սիրողականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը մաղթելով որ այս «մութ պատմական ժամանակահատուածին, մարզանքը կարողանայ կամուրջներ կառուցել, պատնէշներ քանդել եւ խթանէ խաղաղութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Athletica Vaticana նախաձեռնութիւններուն, նշեց, որ Վատիկանի մարզիկներուն ընկերակցութիւնը մարզական գործունէութիւններէն անդին կ՝առաջարկէ աղօթքի պահեր եւ ծառայութիւն կարիքաւորներուն ու ընկերակցութեան առաքելութեան մէջ ներգրաւուած է շօշափելի մօտիկութիւն՝ դիւրաբեկներուն, հաշմանդամներուն, բանտարկեալներուն, գաղթականներուն, ընտանիքներուն, աղքատներուն նկատամբ։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ մարզանքը միջոց մըն է սեփական տաղանդները արտայայտելու համար, նաեւ ընկերութիւն կառուցելու. մարզանքը կ՝ուսուցանէ եղբայրութեան արժէքը, որովհետեւ կղզիներ չենք, դաշտին մէջ կարեւոր չէ թէ ուրկէ կու գայ մարդը՝ անոր լեզուն եւ մշակոյթը, այն ինչ որ կարեւոր է ընդհանուր նպատակը եւ այս մարզանքի միութիւնը զօրաւոր օրինակ է մեր կեանքին համար, մեզի կը յիշեցնէ, թէ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն, բոլորս միեւնոյն մարդկային ընտանիքին անդամներն ենք։«Մարզանքը ունի անձերը միաւորելու ուժը՝ անկախ անոնց ֆիզիքական, տնտեսական, ընկերային հնարաւորութիւններէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ խաղը կազմուած է կանոններէ, որոնք պէտք են յարգուին։ Համեստութեամբ յաղթելը եւ արժանապատւութեամբ պարտութիւնը ընդունիլը մարզանքը ուսուցանող արժէքներ են ու պէտք է որ անոնք  ապրուին ամէնօրեայ կեանքին մէջ՝ կառուցելու համար արդար եւ եղբայրական ընկերութիւն մը։

«Իւրաքանչիւր մարզիկ կարգապահութեան եւ նուիրուածութեան հոգիով մեզի կը սորվեցնեն, որ հաւատքով եւ հաստատակամութեամբ կրնանք հասնիլ այնպիսի նպատակներուն, որոնց մասին երբեք չենք մտածած։ Այս յոյսի, քաջութեան պատգամը վճռորոշ է յատկապէս երիտասարդներու համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ճառը աւարտեց քաջալերելով մարզիկները՝ մարզանքը տեսնելու որպէս կեանքի ուղի, որ կ՝օգնէ կառուցելու աւելի յաջող հասարակութիւն, յառաջ տանելու քրիստոնէական կեանքի արժէքները.  որոնց շարքին՝Հաւատարմութիւն, զոհաբերութիւնը խմբային ոգի, նուիրուածութիւն։

Նորին Սրբութիւն խրախուսեց մարզիկները չմոռնալու սիրողականութեան մասին, որ «կը նմանի այն հիւթին, որ կեանք կու տայ մարզական գործունէութեան», ըսաւ Ան ապա՝ օրհնելէ ետք մարզիկները ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։



 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2024, 10:16