Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ Հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց հակամարտութիւններու զոհ դարձած ժողովուրդները. Պատերազմը խելագարութիւն եւ պարտութիւն է

Հրապարկային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնեց Ճափոնի մէջ երկրաշարժէն տուժածներուն ու կոչ ուղղեց աղօթելու խաղաղութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 յունուար, 2024ին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Իտալացի եւ օտարերկրեայ հազարաւոր ուխտաւորներ։

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց ուխտաւորները ու կոչ ուղղեց աղօթելու Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդներու եւ Ռոհինժայի ցեղախումբին համար, նկատել տալով ու շեշտելով թէ, պատերազմը խելագարութիւն եւ միշտ պարտութիւն է

Կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց Ճափոնի կեդրոնական շրջանը հարուածած հարիւրաւոր երկրաշարժները որոնց պատճառով զոհերու թիւը բարձրացած է 49ի, յիշեց նաեւ Թոքիոյի օդակայանին մէջ ճափոնական օդանաւային ընկերութեան ճամբորդատար օդանաւի արկածը Ճափոնի առափնեայ պահպանութեան ծառայութեան օդանաւին հետ, որ կը պատրաստուէր մեկնիլ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած շրջաններ` առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ հասցնելու համար։

«Կը վերանորոգեմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս Ճափոնի մէջ վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ Թոքիոյի օդակայանին մէջ երկու օդանաւերու բախումի հետեւանքով տուժածներուն։ Կ՝աղօթեմ նաեւ անոնց ընտանիքներուն եւ փրկարարներու համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան ապա խօսքը ուղղելով Իտալացի ուխտաւորներուն ողջունեց Դրոշմի սուրբ խորհուրդի պատրաստուող Լատին թեմին պատանիները, քաջալերելով զանոնք Մարիամին նման պահպանեն, խոկան ու հետեւին Բեթղեհէմի Բանին՝ որ մարմնացաւ, «ձեր բարեկամներուն եւ ազգականներու միջեւ բարութեան եւ խաղաղութեան պատգամը տարածելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց աղօթելու Պաղեստինի, Իսրայէլի, Ուքրանիոյ եւ տարբեր վայրերու մէջ պատերազմի թիրախ ժողովուրդներուն համար ինչպէս նաեւ չմոռնալու Ռոհինկայի մէջ հալածանքի ենթարկուած եղբայրները,
շեշտելով որ «Պատերազմը խենթութիւն է, պատերազմը պարտութիւնն է , միշտ պարտութիւն է»։

Նորին Սրբութիւնը ապա երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն, նորապսակեալներուն յղեց ողջոյնի խօսք մը յորդորելով զանոնք շարունակելու հաւատարիմ մնալ Յիսուսին եւ ու վեհանձն աջակցութիւն ցուցաբերել Աւետարանի տարածման։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2024, 10:50