Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Guinea Bissau հանրապետութեան նախագահ Տիար Ումարօ Սիսոքօ Էմապօ, Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Guinea Bissau հանրապետութեան նախագահ Տիար Ումարօ Սիսոքօ Էմապօ,   (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Guinea Bissau հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Guinea Bissau Հանրապետութեան նախագահին հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 29 յունուարին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Guinea Bissau հանրապետութեան նախագահ, Տիար Ումարօ Սիսոքօ Էմապօ, նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, ընկերակցութեամբ Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն քարտուղար կարդինալ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած են Սուրբ Աթոռի եւ Guinea Bissau հանրապետութեան միջեւ բարի յարաբերութիւնները, կեդրոնացած են երկրի ընկերային իրավիճակի որոշ երեւոյթներու վրայ ու բարձր գնահատուած է երկրի մէջ Եկեղեցւոյ ներդրումը ի նպաստ ընդհանուր բարօրութեան, յատուկէն կրթական եւ առողջապահական ոլորտէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2024, 13:18