Որոնել

Il Papa riceve presidente Centrafrica,20 minuti di colloquio

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահին

Քահանայապետի ու Նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց քսան վայրկեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որով տեղեկացուց` թէ «այսօր 27 Յունուար 2024ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Կեդրոնական Ափրիկէի նախագահ Տիր Ֆաուսթին Արքանժ Թուտէրային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր։

Պետական քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին մատնանշուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան միջեւ բարի յարաբերութիւնները ու ընդգծուեցաւ Երկրին մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը ի սպաս բնակչութեան։

Յիշուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2015ին Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, որ սատարեց խրախուսել կրօնական դաւանանքներու միջև կակուղութեան ժեստեր:

Քննարկուեցան ապա ընկերային, քաղաքական ու մարդասիրական իրավիճակներու հայող որոշ հարցեր, մաղթանք արտայայտելով, որ ի գործ դրուի միջազգային գետնի վրայ աւելի գործնական համագործակցութիւն` ի նպաստ Ազգի հասարակաց բարիքին։

Զրոյցներու ընթացքին մտքերու փոխանակում կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակի մասին։

Քահանայապետի ու Նախագահին միջեւ հանդիպումը տեւեց քսան վայրկեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2024, 13:00