Որոնել

2024.01.26 Delegazione della Rete Mondiale di Preghiera del Papa

«Քրիստոնեայի առաջին պարտականութիւնը աղօթելն է» Ֆրանչիսկոս Պապ

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց «Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի» մէկ պատուիրակութեան որուն գործունէութեան մաս կը կազմէ ամէն ամիս առաջարկել աղօթքի դիտաւորութիւն մը, ըստ Քահանայապետի կամքին։ Ցանցը հիմնուած է 1844 թուականին Յիսուսեան Միաբանութեան որպէս առաքելութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 26 Յունուար 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց «Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի» մէկ պատուիրակութեան։

Ցանցը Քահանայապետական գործունէութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է աշխարհի բոլոր կաթողիկէները դնել շարժումի մէջ, դիմագրաւելու համար մարդկութիւնը յուզող մարտահրաւէրներն ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, անոնց ամէն ամիս առաջարկելով աղօթքի դիտաւորութիւն մը, ըստ Քահանայապետի կամքին։ Այդ դիտաւորութիւնները կը ներկայացուին որպէս աղօթքի դիտաւորութիւնիններ, զոր Քահանայապետը կը յանձնէ համայն եկեղեցւոյ։ Ցանցը հիմնուած է 1844 թուականին ու ներկայ է 98 երկիրներու մէջ եւ ղեկավարուած է Յիսուսեան Միաբանութենէն։

Ընդունելով պատուիրակութեան անդամները Սրբազան Պապը նախ յայտնեց, թէ ինք մեծապէս կը գնահատէ անոնց գործունէութիւնը, որ ըսաւ Ան, «եկեղեցական գործ է, որ ծնաւ Յիսուսեան Միաբանութեան ներքոյ»։

«Առաքելական աշխատանքին մէջ միշտ զօրեղ կը զգացուի աղօթքի ու բարեխօսութեան կարիքը...որովհետեւ գործը առանձին, առանց աղօթքի, նոյնիսկ եթէ առաքելականէ , կը դառնայ ձեռնարկատիրութեան հարց։ Աղօթքն է` որ իմաստ կու տայ առաքելութեան», հաստատեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Պետրոսի Խօսքերուն, ուղղուած առաքեալներուն, որուն մէջ կը հաստատէ թէ Եպիսկոպոսի մը առաջին պարտականութիւնը աղօթելն է։

«Քրիստոնեայի առաջին պարտականութիւնը աղօթելն է: Աղօթքը. Ապա թէ ոչ վտանգը կայ, որ մենք դառնանք զուտ բնական, աշխարհիկ հաստատութիւն մը, կամ ալ քաղաքական աշխատանք» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց աղօթքի առաքելութեան ի սպաս կատարած աշխատանքին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 12:43