Տէրը կը խնդրէ մեզմէ աւելի լաւ լսել եւ իմանալ իր Խօսքը՝ ու աշխարհի մէջ աւելի հասկնալի ձեւով հնչեցնել զայն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
15 Յունուար 2024 թուականին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «Ֆրանչեսկեաններու աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւն - Studium Biblicum Franciscanum» ընկերութեան պատուիրակութիւնը Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։
Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը յիշատակեց, հարիւր տարի առաջ 7 Յունուար 1924 թուականին, «Studium Biblicum Franciscanum»ի «փրոֆեսորներու ու հնագէտներու համբերատար աշխատանքի շնորհիւ», Երուսաղեմի Ձաղկանքի Սրբավայրին բացումը՝ Թիպէրիոյ գետին մօտ, որտեղէն Սուրբ Պետրոսը շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ Յիսուսին հետեւեցաւ։
Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ ընկերութեան գործունէութեան որոշ յատկանիշներուն վրայ, խօսելով նախ այն մասին, որ իր գրադարանով եւ թանգարանով «Studium»-ը խթանած է տարբեր վայրերուն մէջ հնագիտական պեղումներ եւ նպաստած արժէքաւոր յայտնագործութիւններ կատարելուն, ապա ընդգծեց անոր իւրայատկութիւնը՝ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութիւնը Սուրբ վայրերուն մէջ գտնուելուն եւ հնագիտականհետազօտութիւններուն հետ համատեղելու կարողութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց ապա Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մէկ խրատը (Խրատներ, VII: FF 156) հաստատելով` որ․«Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար Աստուծոյ Խօսքի իմացութիւնը, ինչպէս նաև անոր ուսումնասիրութիւնը պարզ իմացութեան հարցեր չեն, այլ իմաստուն բնոյթի փորձառութիւններ են, որոնք նպատակ ունին հաւատքով օգնել մարդոց աւելի լաւ ապրիլ ու լաւ դառնալ Աւետարանով»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ կոչ ըրաւ «Studium Biblicum Franciscanum» անդամներուն իրենց աչքի առջեւէն երբեք չկորսնցնելու Սուրբ Գիրքին նկատմամբ այդպիսի մօտեցումը՝ «զուգակցելով ամենաարդիական մեթոդներով հարստացուած Աստուածաշունչի աղբիւրներու խստաշունչ եւ գիտական ուսումնասիրութիւնը՝ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի կեանքի հետ շփման հետ»։
«Տէրը կը խնդրէ մեզմէ աւելի լաւ լսել եւ իմանալ իր Խօսքը, որպէսզի ան աւելիով հնչեցուի աշխարհի մէջ ու աւելի հասկնալի ձեւով...ձեր խոհեմ եւ ոգեւորող աշխատանքն աւելի թանկ է, քան երբեւէ», նշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա ճառին աւարճին միտքը յատուկէն ուղղեց «Սուրբ Երկիրի եւ այնտեղ ապրող ժողովուրդներու ներկայ վիճակին», որ «ցաւ կը պատճառէ» եւ, «բոլոր տեսանկիւններէ լուրջ է», եւ խօսքը եզրափակեց յորդորելով աղօթել ու անխոնջ գործել, որպէսզի դադրի այդ ողբերգութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ