Որոնել

2023.01.20 Unità cristiani

«Աղօթենք Քրիստոնեաներու միութեան համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթելու միութեան համար ապա կը յանձնարարէ դառնալ սիրոյ վկաները` սէր բոլորին նկատմամբ ու յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

«Այսօր կը սկսի, Քրիստոնեաներու Միութեան նուիրուած աղօթքի Շաբաթը, որ այս տարի կ՛ընդգծէ սէրը հանդէպ Աստուծոյ ու մերձաւորին։ Աղօթենք միասին որպէսզի քրիստոնեաները ձեռք բերեն լիակատար հաղորդութիւնը ու միասնական վկայութիւն տան բոլորի հանդէպ սիրոյն, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն նկատմամբ»։ Այս խօսքերը կը կարդանք Քահանայապետական «Իքս» հարթակի վրայ այսօր 18 Յունուարին հրապարակուած գրառումին մէջ որով Քահանայապետը կը մատնանշէ ամէն տարի յիշատակուող Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր եւ կ՛աւարտի յառաջիկայ հինգշաբթի օր` 25 Յունուարին։ Շաբաթ` որուն ընթացքին աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կ՛աղօթեն Յիսուսին ցանկացած միութեան համար` «որպէսզի բոլորը մի ըլլան»։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթելու միութեան համար ապա կը յանձնարարէ դառնալ սիրոյ վկաները` սէր բոլորին նկատմամբ ու յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2024, 12:30