Որոնել

2024.01.17 Udienza Generale

«Պատերազմը մարդկային իսկական պարտութիւն է։ Աղօթենք պատերազմէ տառապող մարդոց համար». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը կոչ ուղղեց աղօթելու քրիստոնեաներու միութեան համար մօտիկութիւն արտայայտեց Էրպիլի հրթիռային յարձակումի զոհերուն ապա հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան համար անգամ մը եւս հաստատելով, որ անիկայ մարդկութեան համար պարտութիւն է, ամէն բան կը կործանէ եւ ատելութիւն կը սերմանէ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 17 Յունուար 2024ի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն նախ ուզեց իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը արտայայտել Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը հարուածող հրթիռային յարձակումի զոհերուն, «բոլորն ալ անմեղ քաղաքացիներ» նշեց Ան, ընդգծելով` որ «դրացիներու միջեւ լաւ յարաբերութիւնները չեն կառուցուիր այսպիսի արարքներով այլ համագործակցութեամբ ու երկխօսութեան միջոցաւ»։

Մօտիկութիւն Էրպիլի դէմ յարձակումի զոհերուն

«Բոլորէն կը խնդրեմ խուսափիլ որեւէ մէկ քայլէ` որ կարող է աճեցնել Միջին Արեւելքի ու պատերազմի այլ թատերաբեմերու լարուածութիւնները» կոչ ուղղեց ապա Սրբազան Պապը ու ակնարկեց` որ վաղը կը սկսի, Քրիստոնեաներու Միութեան նուիրուած աղօթքի շաբաթը, որուն այս տարուայ նիւթն է. Սիրէ քու Տէր Աստուածդ...եւ սիրէ քու ընկերդ քու անձինդ պէս» (Ղուկաս 10, 27)։

Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը

«Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու որպէսզի քրիստոնեաները ձեռք բերեն լիակատար հաղորդութիւնը ու միասնական վկայութիւն տան բոլորի նկատմամբ սիրոյն, յատկապէս աւելիով դիւրաբեկներուն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով` որ «այսօր ծիսակատարութիւնը կը յիշատակէ Սուրբ Անտոն անապատականի տօնը, վանականութեան հիմնադիր հայրերէն մին» եւ ասկէ մեկնելով խրախուսեց հետեւիլ Անոր օրինակին ու «Աւետարանը ընկալել առանց փոխզիջումներու»։

Աղօթել պատերազմի մէջ գտնուող անձերուն համար

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց չմոռնալ այն երկիրները, որոնք կը գտնուին պատերազմի մէջ, անոնց շարքին նշելով ուքրանիան, պաղեստինն ու իսրայէլը աւելցնելով նաեւ որ «չմոռնանք Կազայի բնակիչները, որոնք կը տառապին մեծապէս»։

Պատերազմը ատելութիւն կը սերմանէ

«Պատերազմը միշտ ալ կը կործանէ, պատերազմը սէր չի սերմաներ, ատելութիւն կը սերմանէ։ Պատերազմը մարդկային իսկական պարտութիւն է։ Աղօթենք պատերազմէ տառապող մարդոց համար» եղան Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած վերջին խօսքերը նախ քան հայր մերի աղօթքը ու ներկաներուն անոր շնորհած օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 10:27