Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մուրժա համալսարանի ներկայացուցիչները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մուրժա համալսարանի ներկայացուցիչները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թող քրիստոնեան գործէ միսիոնարական եւ աւետարանչական ձեւով»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանիոյ Մուրչա քաղաքի կաթողիկէ համալսարանի ներկայացուցչութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Ֆրանչիսկոս Պապին այս եւ այլ հանդիպումներու վերաբերող լուրը

Հինգշաբթի, 4 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանիոյ Մուրչա քաղաքի կաթողիկէ համալսարանի ներկայացուցչութիւնը, համալսարանի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց վերոյիշեալ համալսարանի հիմնադիր՝ Խօսէ Լուիս Մենտոզա Փերեզը նշելով որ Ան ուզեց իբրեւ ժառանգութիւն ձգել աւետարանչական, միսիոնարական եւ խորապէս գոյութիւն ունեցող համալսարան մը, ծնած եկեղեցւոյ սիրտէն եւ ոգեւորուած Աստուծոյ սիրոյ ուժէն։ «Որովհետեւ այն ինչ որ քրիստոնեան՝ որպէս Քրիստոսի անդամ կը կատարէ այս եկեղեցւոյ՝ որ մեր Մայրն է, պէտք է ըլլայ միսիոնար, աւետարանող եւ ասոր համար համար պէտք է սերտօրէն կապուած ըլլայ մարդկային իրականութեան, մարդու խորունկ հարցերուն ու դառնայ էապէս գոյութենական» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մաղթելով համալսարանի ներկայացուցիչներուն շարունակել աշխատիլ Եկեղեցւոյ սիրտին ընդմէջէն, Յիսուս Քրիստոսին պատգամը փոխանցելու համար իրենց դասարաններուն, կեանքերուն մօտիկ գտնուող իւրաքանչիւր մարդու, կազմաւորելու համար անձինք, որոնք կարող են Աստուած ընդունիլ ու Անոր մասին վկայել որեւէ միջավայրի մէջ «կազմելով եղբայրական ընկերութիւնը մը, հոն ուր եկեղեցին կ՝ընկալուի իր անդամներու բարի արարքներով», ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւն ու Տիրամօր հովանին ու խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 13:32