Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Քոլոմպիայի մէջ բնական աղէտի թիրախ զոհերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 15 յունուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր մը յղեց Քոլոմպիայի մէջ Քուիպտօ թեմի առաքելական կառավարիչին, Քոքօ շրջանին մէջ հողերու թաւալումի, բնական աղէտին կապակցութեամբ։
Հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Նորին Սրբութիւնը խորապէս տխրեցաւ իմանալով Չոլօ մարզը հարուածող բնական աղէտին լուրը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ բազմաթիւ զոհեր եւ նիւթական վնասներ։
Ծիրանաւորը հեռագիրին մէջ վստահեցուց, թէ Քահանայապետը կ՝աղօթէ զոհերու հոգիներուն յաւիտենական հանգստեան համար, Տիրոջմէ կը հայցէ որ մխիթարէ տառապանքի եւ անկայուն վիճակի մէջ գտնուող անձերը ու աջակցի անհետ կորսուածներուն որոնումով զբաղող փրկարարներուն։
Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց նշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը իր սփոփանքի առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլորին, ի նշան հոգեւոր մօտիկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ