Ֆրանչիսկոս Պապ «Մարդս կեր չդառնայ «Ալկորիթմ»ին եւ հաղորդակցութիւնը մնայ մարդկային»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 24 յունուարին, լրագրողներու պաշտպան սուրբ, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տի Սալեսի տօնին առթիւ հրապարակուեցաւ, ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 38-րդ օրուայ նուիրուած Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, կեդրոնական նիւթ ունենալով «Արհեստական բանականութիւնը ու սրտի իմաստութիւնը՝ լիարժէք մարդկային հաղորդակցութեան համար»:
Լրագրողներուն կարեւորութիւնը
Քահանայապետը ակնարկելով ապա պատերազմական լրագրութեան կը գրէ. «Որքան լրագրողներ կը վիրաւորուին կամ ալ կը մեռնին դաշտին վրայ, որպէսզի մեզի թոյլ տան տեսնելու այն ինչ որ իրենց աչքերով կը տեսնեն» եւ ասկէ մեկնելով կը հաստատէ թէ « միայն մանուկներուն, այր մարդոց եւ կանանց տառապանքը շօշափելով է, որ կարելի է հասկնալ պատերազմներուն «անհեթեթութիւնը»։
«Արհեստական բանականութեան օգտագործումը կարող է դրականօրէն նպաստել հաղորդակցութեան ոլորտին, եթէ ան չվերացնէ լրագրութեան դերը, այլ ընդհակառակը աջակցի անոր դաշտի վրայ, եթէ ան արժեւորէ հաղորդակցութեան մասնագիտութիւնը՝ իւրաքանչիւր հաղորդավար պատասխանատու դարձնելով, եթէ ան իւրաքանչիւր մարդ էակին վերադարձնէ այդ նոյն հաղորդակցութեան ենթակայի դերը՝ քննադատական կարողութիւնով» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։
Մի կարծրանաք նորին առջեւ
«Հրաշալի գիւտերու» տարածման եւ արագութեան դիմաց, որ «կը պատճառէ խանդավառութեան եւ ապակողմնորոշութեան միջեւ տատանող զարմանք» Ֆրանչիսկոս Պապ հարց կ'ուղղէ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք լիարժէք կերպով մարդկային մնալ եւ դէպի բարին ուղղորդել ընթացքի մէջ գտնուող մշակութային փոփոխութիւնը։
Ան կը հրաւիրէ մաքրել տեսադաշտը աղէտալի մեկնութիւններէն ու անոնց կաթուածահար ընող հետեւանքներէն ու «չկարծրանալ նորի դիմաց, փորձելով պահպանել անհետացումի դատապարտուած գեղեցիկ աշխարհ մը» եւ միեւնոյն ժամանակ արթուն ըլլալ այն ամէն բանի նկատմամբ, որ կործանարար է եւ մարդկային չէ»։ Պէտք է վերսկսիլ սիրտէն «Այս դարաշրջանին մէջ, ուր արհեստագիտութեամբ հարուստ ու մարդասիրութեամբ աղքատ ըլլալու վտանգը կայ», կ'աւելցնէ Նորին Սրբութիւնը։
Կեղծ լուրերու վտանգը
«Արհեստական բանականութեան համակարգերը կարող են նպաստել տգիտութենէն ազատուելու գործընթացքին եւ դիւրացնել տեղեկատուութեան փոխանակումը տարբեր ժողովուրդներու եւ սերունդներու միջեւ», սակայն, «կարող են նաեւ դառնալ ճանաչողութեան ապականութեան գործիք, ինչպէս կեղծ լուրերը» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը։
Ընկերային հաղորդամիջոցներուն հնարաւորութիւն ու վտանգները
Ընկերային հաղորդամիջոցները. «սխալ ձեռքերու մէջ կրնան բանալ բացասական տեսարաններ» կը հաստատէ Քահանայապետը դիտել տալով որ «ամէն ինչ որ մարդու ձեռքերէն եւ միտքէն կու գայ` նաեւ «Ալկորիթմները», չէզոք չեն», այս ուղղութեամբ խնդրելով «գործել կանխապէս» առաջարկելով բարոյական կարգաւորման ձեւաչափեր։ Ասկէ մեկնելով Ան կրկին կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան մշակելու «արհեստական բանականութեան օգտագործումը ու զարգացումը կանոնակարգող պարտադրող միջազգային պայմանագիր»։
Մարդուն է ընտրութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թուելով շարք մը հարցեր՝ ներկայի եւ ապագային վերաբերեալ կը շեշտէ, որ այդ հարցերու պատասխաններէն, «պիտի հասկանանք արդեօ՞ք արհեստական բանականութեան վերջը տեղեկատուական տիրոյթի վրայ հիմնուած նոր՝ առանձնաշնորհեալ դասակարգեր կառուցելը պիտի ըլլայ՝ ծնելով շահագործումի եւ անհաւասարութեան ձեւեր», թէ «պիտի բերէ աւելի շատ հաւասարութիւն՝ խթանելով ճիշդ տեղեկատուութիւն եւ աւելի մեծ գիտակցութիւն՝ դարաշրջանի անցումին առնչութեամբ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՛աւարտէ նշելով, որ մարդուն կը մնայ որոշումը եթէ կ՝ուզէ դառնալ ալկորթիմի կեր կամ ալ եթէ կ՝ուզէ ազատութեամբ կերակրել իր սիրտը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ