Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աղօթենք Աստուծոյ որպէսզի խաղաղութիւն սերմանէ իւրաքանչիւր երկրի մէջ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ընթացքիկ տարուան երկրորդ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, չորեքշաբթի, 10 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ յղեց աղօթքի միջոցաւ վերանորոգելու մեր մօտիկութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդին, Իսրայէլի եւ Պաղեստին մէջ տառապողներուն։
Իտալացի ուխտաւորներուն ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթքի միջոցաւ աջակցիլ Ուքրանիոյ մէջ տառապող ժողովուրդին, Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տառապողներուն։
«Աղօթենք այդ մարդոց համար, որոնք պատերազմի տակ կը գտնուին աղօթենք, որպէսզի Տէրը խաղաղութեան սերմը ցանէ երկիրներու իշխանութիւններուն սիրտերուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ան ապա ինչպէս միշտ ողջունեց երիտասարդները, տարեցները, նորապսակեալներն ու հիւանդները հրաւիրելով «միշտ գործելու կեանքին նորութեան մէջ, զոր Աստուծոյ Որդին ցոյց տուաւ, որ մարմնացաւ մարդը փրկելու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ